Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը Հայաստանի կողմէ չէ պարտադրուած: Ֆրանսա հրապարակայնօրէն ճանչցած է այդ ոճրագործութիւնը, որուն հերքումը ոճիրին շարունակութիւնն է:


Ան յայտարարեց, որ կ՛ողջունէ իր ֆրանսացի գործընկեր Ֆրանսուա Հոլլանտի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծը դարձեալ քննարկման դնելու մտադրութիւնը: «Կը դժուարանամ ըսելու, թէ ինչ որոշում պիտի տրուի օրինագիծին վերաբերեալ: Կրնամ միայն ողջունել նախագահ Հոլլանտի յստակ դիրքորոշումը, որ ան արտայայտեց իր նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին, ինչպէս նաեւ‘ իբրեւ պետութեան ղեկավար», ըսաւ Սերժ Սարգսեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ՝ Հայաստան կը զգուշանա՞յ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ մերձեցումէն, Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, թէ անշուշտ ո՛չ: Ըստ նախագահին, Հայաստանի քաղաքականութիւնը Թուրքիոյ վնաս հասցնելու նպատակ չի հետապնդեր: Ատիկա կ՛առաջնորդուի յստակ սկզբունքներով: Ան աւելցուց, որ Հայաստանը կը ցանկայ, որ Թուրքիան Ֆրանսայի եւ այլ եւրոպական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման շնորհիւ կարելիութիւն ունենայ ընդօրինակելու եւրոպական արժէքները:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նաեւ յայտարարեց, որ ֆրանսացի նախագահները քաջութիւն ունեցան նայելու պատմութեան դէմքին: «Ես կը խնդրեմ նախագահ Հոլլանտէն թրքական իշխանութիւններուն պատմել, թէ ինչպէ՛ս ինք անձամբ դատապարտած է հրեաների արտաքսումը համակեդրոնացման ճամբարներ: Ատիկա կրնայ դաս ըլլալ Թուրքիոյ ղեկավարութեան», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Հարցազրոյցի ընթացքին նախագահ Սարգսեան նաեւ ըսաւ, թէ Հայաստան պիտի ընէ ամէն կարելին‘ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման աջակցելու եւ հայկական համայնքի կենսունակութիւնը ապահովելու համար: