Սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներէն մէկը համացանցին մէջ տեղադրած է տեսանիւթ մը, ուր կը նկարագրուի թէ ինչ վիճակի մէջ է ներկայիս Տէր Զօրի մէջ կառուցուած հայկական Սրբոց Նահատակաց մատուռը։ Youtube-ի վրայ յայտնուած տեսաերիզը մեկնաբանութեան կարիք չունի։
Աւերման պատճառներուն համար տեսաերիզի հեղինակները կը մեղադրեն օդուժի ռմբակոծումները, սակայն կարելի չէ եղած առայժմ հաստատել ճշգրիտ պատճառները:
Սրբոց Նահատակաց մատուռի հիմնարկէքը կատարուած է 12 Մայիս 1985-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի ձեռամբ: Սրբոց Նահատակաց մատուռի ներքնայարկին մէջ կը գտնուին Խաչելութեան, Նահատակութեան եւ Եղեռնի սրահները, ուր ամփոփուած են Տէր Զօրի անապատներուն մէջ մարտիրոսացած Մեծ եղեռնի զոհերու մասունքները։