Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ռումանիոյ մէջ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան ունեցած հայկական օրերու շրջանակէն ներս, Պուքրէշի «Գիւղի թանգարան»ին մէջ կազմակերպուած են մշակութային տօնական միջոցառումներ,

որոնց ընթացքին ներկայացուած է Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկների մատեան» վէպը: Այս առընչութեամբ, հանդիսութեան նախօրեակին Պուքրէշի թրքական դեսպանատունը մէյմէկ նամակ յղած է Ռումանիոյ Արտաքին գործոց եւ Մշակոյթի նախարարութիւններուն, այն մտահոգութեամբ, որ նշեալ վէպը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի մասին հին լուսանկարներու ցուցահանդէսը եւ ռումանական հեռատեսիլին կողմէ նկարահանուած հայ որբերու մասին վաւերագրական ժապաւէնը կրնան թշնամական զգացումներ առթել թուրք ժողովուրդին դէմ: Թրքական այս մտահոգութեան՝ ռումանական իշխանութիւնները պատասխանելով ըսած են, որ «Հայկական մշակոյթի օրեր»ը մշակութային բնոյթ ունեցող ձեռնարկ է, եւ թէ իրենց երկրին մէջ կը յարգուի խօսքի ազատութիւնը: