Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Վերջերս, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (WCC) եւ Իրանի Միջ-կրօնական Երկխօսութեան կեդրոնի (CID) միջեւ կայացաւ Միջ-կրօնական Երկխօսութեան 6-րդ հանդիպումը Ժընեւի մէջ:

Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Մասնակիցներուն շարքին էին Իրանէն, Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Անգլիայէն, եւ Փաքիստանէն աստուածաբաններ:  Ժողովին բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Ե.Հ. Խորհուրդի Ընդհ. Քարտուղար դոկտ. Օլաւ Թվէյթի:Խորհրդակցութեան ընդհանուր թեման էր «Միջ-կրօնական երկխօսութիւնն ու այսօրուայ ընկերութիւնը. ճանապարհներ, միջոցներ եւ նպատակներ»: Ժողովին դասախօսեց նաեւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան «Հոգեւոր Առաջնորդներու եւ Մտաւորականութեան Դերը՝ Միջ-կրօնական Երկխօսութեան արդիւնքները ժողովուրդին մատուցանելու աշխատանքին մէջ» նիւթին շուրջ: Քննարկուող նիւթերուն շարքին էին նաեւ կանանց եւ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը՝ միջ-կրօնական երկխօսութեան մէջ, եւ հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներուն օգտագործման կարելիութիւնները՝ ժողովուրդներու միջեւ միջ-կրօնական երկխօսութեան սերմերը ցանելու կապակցութեամբ:
Երկխօսութիւնը Ե.Հ.Խորհուրդի Իրանի միջեւ սկիզբ առած էր 1995-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի քաջալերանքով: