Առ գերերջանիկ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց
Լիբանանի առաքելական ճամբորդութենէս վերադարձին, խորին երախտագիտութիւնս կ՛ուզեմ յայտնել ձեզի, այն ջերմ ընդունելութեան համար, որ ցուցաբերեցիք իմ անձիս նկատմամբ ամբողջ կեցութեանս ընթացքին:
Անձնապէս ձեզի շնորհակալութիւն յայտնելով՝ կը փափաքիմ արտայայտել նաեւ իմ անկեղծ երախտապարտութիւնս Կիլիկիոյ հայոց պատրիարքութեան եպիսկոպոսներուն եւ հաւատացեալներուն, գնահատելով անոնց փառաւոր հիւրընկալութիւնը:
Շնորհակալութիւններս կ՛ուղղեմ նաեւ բոլոր անձերուն, որոնք իրենց նուիրումով եւ արդիւնաւոր գործունէութեամբ նպաստեցին այդ օրերուն արարողութիւններու եւ հանդիպումներու բարի ընթացքին:
Մեծ ուրախութեամբ իմ սրտիս մէջ կը պահեմ այդ ժամերու յիշատակը, ուր հանդիպեցայ այնքան հաւատացեալներու, որոնք ժամանած էին ամբողջ շրջանէն՝ խանդավառ կերպով բացայայտելու իրենց գորովը եւ փարումը Պետրոսի յաջորդին: Բազմաթիւ հանդիպումներու ընդմէջէն իմացայ շրջանի մարդկային հարստութիւնը եւ եկեղեցական կենսունակութիւնը, բայց նաեւ տառապանքը Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որոնք շատ անգամ բռնութեան զոհ կը դառնան: Այս անմոռանալի պահերուն արդիւնաւէտ արգասիքը կրնայ քաջալերել եւ ուղղել եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ, որպէսզի արիաբար ապրի հաշտութեան իր վկայութիւնը եւ յոյսով նայի դէպի ապագան: «Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ, «Առաքելական յորդոր»-ի ստորագրութեամբ եւ յանձնումով, կը փափաքիմ, որ այս սիրելի երկրին մէջ վերածնի հաշտութիւնը, արդարութիւնը եւ խաղաղութիւնը:
Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնելով Միջին Արեւելքի այս սիրելի շրջանը, ձեզի կ՛ուղղեմ առաքելական օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներու եւ Կիլիկիոյ հայոց պատրիարքութեան բոլոր հաւատացեալներուն:
Վատիկան, 2 Հոկտեմբեր 2012
ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ.