Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պոլսոյ հայաբնակ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող հայկական 200 տարուան նախակրթարանը՝ 33 տարի անց  վերադարձուած է իսկական տէրերուն: Այս մասին կը յայտնէ «Ակօս»-ը:


Պոլսոյ 13-րդ Առաջին ատեանի դատարանը՝  հայկական նախակրթարանը Սուրբ Ղազար կաթոլիկ Մխիթարեան եկեղեցւոյ եւ դպրոցի հիմնադրամին վերադարձնելու որոշում կայացուցած է:
Հիմնադրամի նախագահ Ռիթա Նուրնուր յայտնած է, թէ իրենց գործադրած ջանքերը ապարդիւն չեն անցած:
Յիշեցնենք, որ 28 Օգոստոս 2011-ին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը ստորագրած էր հրամանագիր՝ քրիստոնէական ու հրէական եկեղեցիները եւ 1936-էն ետք բռնագրաւուած գոյքը վերադարձնելու մասին: Ըստ այդ հրամանագիրին՝  փոքրամասնութիւններուն պէտք է վերադարձուին հիւանդանոցները, մանկատուները, դպրոցները ու գերեզմանոցներու  տարածքները: