Տաս անդամներ, որոնց շարքին կին մը, կը համալրեն Սոմալիոյ նոր կառավարութիւնը: Երկրի վարչապետ Ապտի Ֆարահ Շիրտոն Սայտ յայտարարեց նոր կառավարութեան կազմը,
պատմական անկիւնադարձի մը առջեւ բերելով երկիրը, քանի որ առաջին անգամն է որ կառավարութեան մէջ կին մը կը ներառնուի:
Պատմական այս որոշումի հիմամբ՝ Ֆուսիղիօ Եուսուֆ Հաճի Ատան ստանձնեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Ան երկար տարիներ ապրած է Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ու յառաջ կուգայ Սոմալիլանտ շրջանէն, որ Սոմալիոյ հիւսիսը կը գտնուի եւ անկախ ինքնահռչակուած է: