Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հոկտեմբեր  31-ի երեկոյեան, Թեհրանի հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան «Կոմիտաս» սրահէն ներս, ժողովրդական հանդիսութեամբ նշուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան հիմնադրման 122-ամեակը:


Հանդիսութեան ներկայ էին՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանը, Տ. Մակար վրդ. Աշգարեանը, Իրանի  մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Գրիգոր Առաքելեանը եւ դեսպանութեան աշխատակազմը, Իսլ. խորհրդարանէն ներս  հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը, Թ. Հ. Թ. Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի, միութիւններու, «Ալիք» հաստատութեան ու օրաթերթի նեկայացուցիչներ եւ հոծ թիւով հասարակութիւն:
Ծրագրի սկիզբը  խումբ մը երիտասարդներու  միջոցով բեմի վրայ փակցուեցաւ  «Դէպի ազատ, արդար, հաւասար վաղը» կարգախօսը, ապա  հնչեց Հ.Յ.Դ. «Մշակ բանուոր» քայլերգը: Ցուցադրուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի պատրաստած «Դէպի ազատ, արդար, հաւասար վաղը» խորագիրը կրող տեսաժապաւէնը, որը կը ներկայացնէր հայ ժողովուրդի ծոցէն  ելած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն կուսակցութեան 122-ամեայ գործունէութեան տարբեր հանգրուանները՝ կազմաւորումէն սկսեալ ցայսօր:
Այնուհետեւ Կազմակերպիչ յանձնախումբի կողմէ ծրագրի բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անահիտ Աւետեանը՝ խօսքի աւարտին բեմ հրաւիրելով օրուայ բանախօս ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերի գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը: Բանախօսը անդրադարձաւ ՀՅԴ տարեդարձին, նշելով թէ հիմնադրութեան նշման օրը հաշւետուութեան օր է: