Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պէյրութէն Հալէպ ուղեւորութեան ընթացքին զինեալներու կողմէ պատանդ առնուած եօթ սուրիահայերն ու երեք արաբ քրիստոնեաները ազատ արձակուած են։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին յայտնեցին Հալէպի հաւաստի աղբիւրներ։


Սուրիոյ կառավարութիւնը բանակցութիւններ վարելէ ետք յաջողեցաւ հայ պատանդները ազատ արձակել, սակայն անոնք դեռ տուն չեն հասած։
Ինչպէս յայտնած էր ԵՌԱԳՈՅՆ-ը, Հոկտեմբեր 29-ին, զինեալներ կանգնեցուցած էին Հալէպէն Պէյրութ ուղեւորուղ հանրակառքը եւ պատանդ վերցուցած 10 մարդ: Պատանդներէն 7-ը հայեր էին, մնացեալները քրիստոնեայ արաբներ:
Յայտնի էին առեւանգուած հինգ հայերու անունները՝ Կարօ Փամփալեան, Արսէն Արոյեան, Լեւոն Զէյթունեան, Պաշար եւ Ճորճ (հայր եւ որդի) Ռաբաթներ: