Չերքեզներու միջազգային միութեան 9-րդ ընդհանուր ժողովին մասնակիցները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի,
Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթֆիէնքոյի եւ Տումայի նախագահ Սերկէյ Նարիշքինի յղեցին նամակ մը՝ կոչ ուղղելով Սուրիոյ մէջ բնակող չերքեզները պաշտպանելու եւ օգնելու, որ անոնցմէ փափաքողները Հիւսիսային Կովկասի մէջ իրենց հայրենիքը վերադառնան: Կոչին մէջ նշուած է, որ Սուրիոյ մէջ բախումներուն պատճառով շուրջ 150 հազար չերքեզ բնակիչներէն շատեր իրենց բնակարաններն ու ինչքերը կորսնցուցած են կամ վիրաւորուած են::