Ուսուցիչներու, ազգային-կրթական եւ միութենական կառոյցներու մէջ ծառայող քարտուղար-քարտուղարուհիներու եւ հայերէնի հանդէպ յատուկ սէր տածող հայորդիներու համար
Արեւմտահայերէնի անթերի գործածութեան եւ անոր պայծառ դիմագիծի պահպանման նախանձախնդրութենէն մեկնած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական-հայագիտական բաժանմունքի գրասենեակը, Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ ու քաջալերանքով, որոշեց իրականացնել հայ լեզուի խտացեալ դասընթացք մը՝ ուսուցիչներուն, ազգային, կրթական եւ միութենական կառոյցներու մէջ ծառայող քարտուղար-քարտուղարուհիներուն եւ հայերէնի հանդէպ յատուկ սէր տածող հայորդիներուն համար:
Շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ, կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ, Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, յետմիջօրէի ժամը 5:00-7:00, մասնակիցներուն պիտի փոխանցուին քերականական, շարահիւսական, ուղղագրական եւ լեզուական կարեւոր գիտելիքներ: Չորս ամիսներու վրայ երկարող այս խտացեալ դասընթացքին նիւթերը պիտի աւանդեն տոքթ. Արմենակ Եղիայեան եւ պրն. Ժիրայր Դանիէլեան, Կարօ Յովհաննէսեան եւ Սարգիս Կիրակոսեան:
Ծրագիրը գործադրութեան պիտի դրուի դիմում կատարած ենթականերուն պարզած պատկերին լոյսին տակ:
Կաթողիկոսարանի յայտարարութիւնը կÿամբողջանայ արձանագրութեանց մանրամասնութիւններով: