Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Նախաձեռնութեամբ Պէյրութի ամերիկեան  համալսարանի Լիբանանահայ աւանդներու ակումբին (Լիպանիզ-Արմինիըն Հերիթէյճ Քլապ) եւ գործակցաբար համալսարանի ուսանողական խորհուրդին Հինգշաբթի, 1 Նոյեմբերին, վերահաստատուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին համալսարանի նահատակուած  շրջանաւարտ բժիշկներու յիշատակին զետեղուած յուշատախտակը:


Ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի այժմու նախագահ Փիթըր Տորմընի, ակադեմականներու, համալսարանական ուսանողներու, ազգասէր հայորդիներու եւ Հայ դատին բարեկամ ու համակիրներու հոծ բազմութեան, Վահէ Սեֆերեան բացումը կատարեց ձեռնարկին:
Հրաչ Քեստենեան պատմական ակնարկով մը վերյիշեց, թէ առաջին անգամ 26 Յունիս 1923-ին էր, որ յուշատախտակի քողազերծումը կը կատարուէր այս համալսարանի շրջանաւարտ այն նահատակ բժիշկներուն, որոնք ազնուօրէն ծառայած էին թրքական բանակին մէջ՝ փրկելու համար ուրիշներու կեանքերը, երբ նոյն այդ թրքական բանակի պետութիւնը կը կոտորէր իրենց ընտանիքի անդամները: Թուելով այս յուշատախտակի վերահաստատումը 1926-ին պրոնզէ կերպարով եւ ապա 1976-ին անոր պահ դրուիլն ու աւելի ուշ կորսուիլը, Քեստենեան նշեց, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմին լիբանանեան եւ սուրիական ճակատներու հրամանատար Ճեմալ Փաշա յատուկ հոգածութեամբ մօտեցած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին (որ այդ շրջանին կը կոչուէր Սուրիական բողոքական քոլեճ)՝ ապահովելու համար անոր բժիշկներուն ծառայութիւնը թրքական ռազմաճակատներուն վրայ: Ըստ Քեստենեանի, այս համալսարանէն շրջանաւարտ 28 բժիշկներ եւ դեղագործներ նահատակուած են Համաշխարհային Ա. պատերազմին թուրքերու կողմէ, որոնցմէ միայն 16-ը յիշուած են յուշատախտակին վրայ:
Ապա Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» նուագախումբէն չորս երիտասարդ-երիտասարդուհիներ՝ կիթառի վրայ նուագեցին «Արդեօք ովքեր են» ազգային երգն ու այլ եղանակներ:
Ապա, երեսփոխան Բագրատունի եւ դոկտ. Փիթըր Տորմըն միասնաբար կատարեցին պրոնզէ յուշատախտակին քողազերծումը: