Չորեքշաբթի 31 Հոկտեմբեր 2012-ի գիշեր, վեհարանի իր գրասենակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը ընդունեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Բիւրոյի ատենապետ Հրանդ Մարգարեանին:
Խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, Սուրիոյ հայութեան եւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր: Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ համահայկական հարցերն ու մարտահրաւէրները համահայկական ճիգով ու ներքին միասնականութեամբ դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը: