Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՀՅԴ-ՀՕՄ-ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-Ի ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի մօտ տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են համահայկական հոգեւոր եւ աշխարհիկ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Խորհրդակցութեան նպատակը Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու հիմնախնդիրներու քննարկումն էր, այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքի գնահատումը եւ յիշեալ կառոյցներուն կողմէ յառաջիկայ ընելիքներու ճշգրտումը:
Սփիւռքի նախարար Յակոբեան անգամ մը եւս նշած է, որ սուրիահայերու հիմնախնդիրները Հայաստանի նախագահի անմիջական ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուին, եւ արդէն ընդունուած են Հայաստանի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ համապատասխան նախարարութիւններու՝ մէկ տասնեակէ աւելի որոշումներ, կատարուած են օրէնսդրական շարք մը փոփոխութիւններ:
Զեկուցումով հանդէս եկած է Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան: Նշուած է, որ սուրիահայերը կարելիութիւն ունին անվճար բուժօգնութիւն ստանալ առաջնային բժշկական սպասարկման համար, դիւրացուած է անձնագիրերու եւ երկիր մուտք գործելու արտօնագիրներու տրամադրման հոլովոյթը: Հանուած են փաստաթուղթերու ժամկէտանց ըլլալու պարագային սահմանուած տուգանքները: Չեն գանձուիր մեքենաներու ժամանակաւոր ներմուծման պարագային սահմանուած մաքսային վճարները: Երեւանի մէջ կը գործէ սուրիական կրթական ծրագիրով դպրոց, ուր կը յաճախեն 270 աշակերտներ, կը դասաւանդեն սուրիահայ ուսուցիչներ: Սուրիահայերու կողմէ ստեղծուած է «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութիւնը, որ կը զբաղի Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու խնդիրներու համակարգումով, նիւթական աջակցութեան կազմակերպումով:
Սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման նպատակով գումարուած է միջգերատեսչական յանձնախումբի նիստ, որուն ընթացքին ձեւակերպուած է առաջ քաշուած հիմնախնդիրներու ցանկը եւ ներկայացուած է Հայաստանի վարչապետին: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ներկայացուցիչ Լիլիթ Գալստեան ներկայացուց ՀՅԴ-ի կողմէ ստեղծուած «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը՝ սուրիահայերուն սննդամթերքով աջակցելու, շուրջ 60 թոն սննդամթերք հաւաքելու հոլովոյթին մասին:
Ըստ Հայ Օգնութեան Միութեան ներկայացուցիչ Նարինէ Գալստեանի, իւրաքանչիւր Ուրբաթ օր հանդիպումներ կը կազմակերպուին «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, կը ճշգրտուին սուրիահայերու պահանջներն ու ցանկութիւնները: ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ներկայացուցիչ Դաւիթ Յակոբեան տեղեկացուց, որ ծրագիրներ կ՛իրականացուին՝ սուրիահայ երիտասարդներու հայաստանեան առօրեան կազմակերպելու ուղղութեամբ:
Ըստ զեկուցումներուն, նշանակալի աշխատանք կատարած է նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու սուրիահայութեան, եւ արդէն հանգանակած է մեծ գումար: