Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՊԵՐԼԻՆ.- «Փանորամա» կը հաղորդէ, թէ երէկ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 31ին, Պերլինի մէջ հազարաւոր ցուցարարներ բողոքի ցոյց մը կատարած են Գերմանիա այցելող Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ  Թայիփ Էրտողանի դէմ:


Ցուցարարաները Էրտողանը մեղադրած են Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւնը «սպաննելու», խօսքի ազատութիւնը ու քաղաքացիներու տարրական այլ իրաւունքները ոտնակոխելու յանցանքով: Անոնցմէ ոմանք Էրտողանը «ֆաշիստ» որակած են:
Գերմանական լրատուամիջոցներու համաձայն՝ ցոյցին մասնակցած է աւելի քան 3 հազար հոգի, իսկ ոստիկանութեան համաձայն՝ 2500 հոգի, ներառեալ հայեր, ալաուիներ, ասորիներ, քիւրտեր եւ եզիտիներ: