Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Նոր աճ արձանագրած է Սեպտեմբերի մէջ գործազրկութեան ցուցանիշը՝ Եւրօգօտիի 17 երկիրներուն մէջ գործազուրկ մարդոց թիւը հասցնելով 18,49 միլիոնի: Սեպտեմբերի ընթացքին իրենց աշխատանքէն զրկուած են 146,000 հոգի:


Ըստ Eurostat վիճակագրական հաստատութեան տուեալներուն՝ 11,6% տոկոսի հասնող ցուցանիշը 1995էն ետք առաջին անգամն է որ կ'արձանագրուի: Յատկապէս Եւրոպայի հարաւը գտնուող երկիրներուն մէջ, -որոնք տնտեսական ճգնաժամի մեծագոյն հարուածները ստացած են-, կարելի է հանդիպիլ գործազրկութեան բարձրագոյն ցուցանիշին, ինչ որ ի յայտ կը բերէ տնտեսական գործառնութեանց կտրուկ կասեցման պատկերը:
Սպանիոյ մէջ գործազրկութիւնը 25,8%ի կը հասնի, Յունաստանի մէջ 25,1% եւ Փորթուկալի մէջ 15,7%:
Ճիշդ հակառակ պատկերը կը պարզեն Եւրոպայի այլ երկիրներ՝ Աւստրիոյ մէջ գործազրկութեան ցուցանիշը 4,5%ի կը հասնի, Լիւքսեմպուրկի մէջ 5,2%, Գերմանիոյ եւ Հոլլանտայի մէջ 5,4%:
Յունաստանի խորհրդարանէն ներս ընթացքի մէջ են աշխատաւորներու ու թոշակաւորներու եկամուտներու կրճատման ուղղուած նոր օրինագիծի քննարկումները, որ հակասութիւններու եւ անորոշութեան կլիմայի մէջ կÿընթանան:
Յունաստանի աշխատաւորական մեծագոյն սենտիքաները 48 ժամուայ գործադուլ յայտարարած են 6 եւ 7 Նոյեմբերին: