Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ֆրանսայի գրատուներու լաւագոյն անկիւնները զետեղուած՝ ընթերցասէրներուն հրամցուեցաւ  նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի կողակից՝ Վալերի Թրիէրվելէրի կենսագրականը նիւթ առնող «Ըմբոստը» (La  Frondeuse), որ բաւական «ալեկոծ» անցքեր կը պարունակէ:

Հատորին հեղինակներն են Քրիսթիան Եագուպիցին եւ Ալիքս Պույհակէ, որոնք երկու լրագրողներ են, ինչպէս՝ իրենց աշխատասիրութեան հերոսուհին: Հատորին հրապարակ ելլելու նախորդ օրը՝ Եագուպիցին «Point de Vue» հանդէսին տուած հարցազրոյցին մէջ դիտել տուած է, թէ Թրիէրվելէր, նախքան Հոլանտի հետ ունեցած իր յարաբերութիւնը, տարիներով սիրուհին եղած է  նախկին ենթանախարար, Հօ-տը-Սէն նահանգի Ընդհանուր Խորհուրդի նախագահ Փաթրիք Տէվէճեանի: Եւ ըստ Եագուպիցինի՝ անոնք այդ յարաբերութիւնը ապրած են, երբ երկուքն ալ արդէն մէկը ունէին իրենց կեանքին մէջ: Հատորին հրապարակ ելած օրն իսկ Թրիէրվելէր որոշած էր դատի դիմել հեղինակ երկու լրագրողներուն դէմ՝ «անուանարկութեան եւ անձնական կեանքի հասցուած վնաս»ի բողոքով: 

ՓԱԹՐԻՔ ՏԷՎԷՃԵԱՆԻ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՆՎԱՒԵՐ ՀՌՉԱԿՈՒԵՑԱՒ
Հոկտեմբեր 18ին, Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդը Փաթրիք Տէվէճեանի (UMP) եւ Հանրի Փլանիոլի (Կեդրոն)՝ երեսփոխան ընտրութիւնը չեղեալ համարող վճիռներ արձակեց: Խորհուրդը այդ որոշումներուն որպէս պատճառաբանութիւն տուաւ՝ ընտրական օրէնսդրութեան անտեսումը:
Համապատասխանաբար՝ Հօ-տը-Սէնի 13րդ եւ Վալ-տը-Մառնի Առաջին ընտրատարածքներուն մէջ իրենց թեկնածութիւնը ներկայացուցած Տէվէճեան եւ Փլանիոլ, իրենց որպէս փոխանորդ ցոյց տուած են անձեր, որոնք արդէն որպէս այդ ներկայացուած էին՝ ծերակուտականներու ցանկերու մէջ, հրաժարումի կամ մահուան պարագային՝ զանոնք փոխարինելու համար:
2012 Յունիս 17ին, երեսփոխանական ընտրութիւններու Բ. շրջանին, երբ Տէվէճեան միայն 200 ձայնի տարբերութեամբ շահած էր ընտրութիւնը ընդդէմ Ժիւլիէն Լանտֆրիտի, այս վերջինը  բողոք ներկայացուցած էր: Տէվէճեանի ճակատն ալ հակադարձած էր՝ ըսելով, թէ այդ փոխանորդը նախապէս հրաժարած էր իր առաջին թեկնածութենէն, բայց Սահմանադրական խորհուրդը  մերժած է այդ՝ ըսելով, որ նման  օրէնք գոյութիւն չունի: