Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔԻ ՀԱՐՑ

Ֆիլիփ Քալթընպախ  ըսած է, թէ իր խումբը կ’ուզէ բանաձեւը տեսնել կարելի եղածին չափ շուտ,
ամէն պարագայի 2013 Ապրիլ 24-էն առաջ

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ  ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ՄԷՋ
«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ թէ Հոկտեմբեր 25-ին, Ֆրանսահայ ընկերակցութիւնները համակարգող խորհուրդի (CCAF) պատուիրակութիւնը ընդունուած է Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան խումբին նախագահ Ֆիլիփ Քալթընպախի եւ ծերակուտականներ Լիւք Գարվունասի, Հերվէ Մարսէյի եւ Պերնար Փիրասի կողմէ:
Խօսակցութեան առանցքը կազմած են Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող ապագայ օրէնքի մը հեռանկարը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին՝ Ֆրանսա եւ Հայաստանէն խորհրդարանականներու՝ Փարիզ այցելութեան առընչուող հարցեր:
Հայկական միութիւնները համակարգող խորհուր- դի՝ CCAF-ի համանախագահները՝ Մուրատ Փափազեան եւ Արա Թորանեան անգամ մը եւս յիշեցուցած են նախագահ Հոլանտի՝ Պատժելիութեան օրէնքի հաստատման մասին յանձնառութիւնը:
Ֆիլիփ Քալթընպախ  ըսած է, թէ իր խումբը կ’ուզէ բանաձեւը տեսնել կարելի եղածին չափ շուտ, ամէն պարագայի 2013 Ապրիլ 24-էն առաջ: Ան աւելցուցած է նաեւ, թէ այս անգամ հարկ է նախապէս ուշադրութեամբ լրացնել իրաւական եւ քաղաքական բոլոր  պայմանները, որպէսզի ա- պահով ըլլայ անոր յաջողութիւնը: