Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Haberturk թրքական լրատուական կայքէջին յղում կատարելով, almanar.com կը հաղորդէ թէ ԱՄՆ կը հզօրացնէ ռազմական իր կարողականութիւնը Թուրքիոյ մէջ:  Ըստ հաղորդուած լրատուութեան, B-61 տիպի 70 աթոմական ռումբեր պիտի տեղակայուին Ատանայի Ինճիրլիքի խարիսխէն ներս, ուր տեղադրուած են ամերիկեան F-16 ռազմական սաւառնակները:


Ռումբերը կը գտնուին ԱՄՆ օդուժի տրամադրութեան տակ եւ օգտագործելի են արտակարգ իրավիճակներ դիմադրելու համար:
1995 թուականէն առաջ նոյն տիպի 10-20 ռումբեր թրքական օդուժի երկու այլ խարիսխներու մէջ կը գտնուէին: Յետոյ անոնք տեղափոխուեցան Ինճիրլիքի խարիսխէն ներս:
Թուրքիոյ թոյլտուութեամբ ամերիկեան զինուած ուժերը արտօնութիւն ստացած են միջուկային զէնք պահելու տարածքէն ներս, բացառիկ իրադարձութիւններ կամ տարածաշրջանը ապակայունացնելու դէպքեր դիմադրելու նպատակով:
Թրքական կառավարութիւնը սակայն, իր առարկութիւնը յայտնած է ռումբերը կրող օդանաւերու թիւի բարձրացման դէմ: Ըստ պաշտօնական տուեալներուն, B-61 տիպի ռումբը կրնայ փոխադրուիլ F-15 եւ F-18 տիպի սաւառնակներով, մինչ նախատեսում կայ նաեւ F-35 տիպի սաւառնակներուն համար եւս:
Այս ռումբի արտադրութիւնը 1960 թուականին կատարուեցաւ: Անոնց ընդհանուր թիւը 3.155 կը կազմէր, իսկ անկէ 1.265ը գործառնական առկայութեան մէջ են: