Մահմետական տօնի առիթով քառօրեայ խախուտ զինադադար
Հալէպի թաղամասերուն մէջ քանի մը օրէ տիրող հանգիստ իրավիճակին հակառակ Հոկտեմբեր 25-ի առաւօտեան անակնկալ կերպով բուռն կրակոցներ սկսան: Այս մասին «Արմենփրես»-ին տեղեկացուցած է Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ ընդդիմադիրները փորձած են թափանցել որոշ թաղամասեր, ուր նաեւ հայեր կը բնակին:
Ռէյիսեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ փոխ հրաձգութիւնը կը շարունակուի մինչեւ հիմա, սակայն յստակ պատկեր չ'երեւիր վնասներուն, ինչպէս նաեւ մարդկային կորուստներուն վերաբերեալ: Բանակը ամէն ձեւով կը փորձէ ետ մղել ընդդիմադիրները:
Անդրադառնալով Աշրաֆիէ թաղամասին մէջ տեղի ունեցող բախումներուն՝ Ռէյիսեան նշեց, որ թաղամասին մէջ քիչ թիւով հայեր կը բնակին, եւ նախորդող օրերուն առաւել հանդարտ թաղամասը այժմ ներառուած է բախուներու շրջաններուն մէջ: Ինչ կը վերաբերի հայաշատ Նոր Գիւղ թաղամասին, ապա այնտեղ առաւել մեծ վտանգ կը ներկայացնեն դիպուկահարները: «Մինչ այժմ, բարեբախտաբար տուժածներ չկան»,-ըսած է Ռէյիսեան:
Հայաստանէն Հալէպ հասած մարդասիրական օգնութեան օդանաւի ուղեբեռը տակաւին օդակայանն է, եւ զայն դուրս բերելու աշխատանքներ կ'իրականացուին:
Ռէյիսեանի տեղեկացումով՝ Ազգային առաջնորդարանին պատկանող հայկական դպրոցները ապահովութեան նկատառումներէն մեկնած, ցաւօք, դեռ փակ են: Իսկ որոշ դպրոցներ մասամբ կը գործեն:
Իսկ Բերիոյ թեմի պաշտօնական կայքը կը յայտնէ, որ այսօր կէսօրէ ետք զինեալ փախումներու իբրեւ արդիւնք Սուրիական զօրքի հակակշռին տակ է արդէն Հալէպի Սիրյան ըժտիտէ (Ժէլէ), Էշրէֆիյէ, Ֆայսալ թաղամասը եւ Թըշրին պողոտայի շրջանները:
Այսօր Ուրբաթ օրուընէ սկսեալ քառօրեայ զինադադար կը կիրարկուի մահմետական տօնի մը առիթով: Այսուհանդերձ վիճակը լարուած է եւ կողմերուն կոչ ուղղուած է յարգել զինադադարի պայմանները:
ՅՈՅՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ՔԱՀԱՆԱՅ ՄԸ
ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ
Սոթիրիս Հատատ անունով Անտիոքի պատրիարքարանէն ներս ծառայող յոյն քահանայի մը դիակը յայտնաբերուեցաւ: Ան առեւանգուած էր երբ փրկագին կը փոխադրէր՝ նոյնպէս առեւանգուած յոյն բժիշկի մը ազատութեան համար: Սուրիոյ մէջ յոյն ուղղափառ համայնքը ծանր օրեր կ'անցնէ: