Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ մէջ ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութեանց  երաշխաւոր կը նկատուի»:

Ան ըսաւ, որ Ասատ «Սուրիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութեանց, ներառեալ՝  քրիստոնեաներուն ապահովութիւնը երաշխաւորող անձնաւորութիւն կը նկատուի, նոյնիսկ մեր արեւմուտքցի բարեկամներուն մեզի հետ դռնփակ հաղորդակցութեանց ընթացքին ամէնէն պահպանողական գնահատականին համաձայն:  Բնակչութեան ոչ նուազ քան մէկ երրորդը կը շարունակեն անոր աջակցիլ, որովհետեւ անձնաւորութիւն մըն է, որ կոչ ուղղեց, որ Սուրիա չվերածուի երկրի մը, ուր փոքրամասնութիւնները չեն կրնար ապրիլ»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «դուրսէն պարտադրուած դեղատոմսեր երբեք չեն  կրնար իրագործել տեւական արդիւնքներ, որոնք կրնան շարունակուիլ»՝ աւելցնելով, որ «այդպիսի արդիւնքներու կարելի է հասնիլ միայն երկխօսութեան ճամբով»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի օգնականը յայտարարեց, որ «մօտ օրէն սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ սուրիական երկխօսութիւն մը պիտի տեսնենք»:
Մինչ Լաւրով յայտնեց, որ «Ռուսիա Ատհայի տօնին օրերուն Սուրիոյ մէջ զինադադարի կողքին կը կանգնի», Արաբական լիկան յայտարարեց, որ Ատհայի տօնին ընթացքին Սուրիոյ մէջ զինադադարի հաստատման յոյսերը տկար են:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ քննարկած է «Սուրիոյ տագնապին զարգացումները»: Թագաւորը վերահաստատած է Սուրիոյ միութիւնը պահպանող քաղաքական լուծումի մը ձեռքբերման զօրակցող Յորդանանի կեցուածքը: