Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հոկտեմբեր 4-ին, համայնքապետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան  պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Խորհրդարան եւ ընդունուեցաւ նախագահ Ճիհատ Լահհամի կողմէ:


Խորհրդարանի նախագահը ողջունեց պաշտօնական այցելութիւնը վերապատուելիին  յանուն Սուրիոյ արաբ ազնիւ ժողովուրդին  եւ ներկայացուց ընդհանուր զեկոյց խորհըրդարանի դիմագրաւած տագնապներուն, յաջս՝ Սուրիոյ ժողովուրդին:
Վեր. Սելիմեան  ըսաւ  թէ  Սուրիական խորհրդարանը Սուրիոյ ժողովուրդի  անլռելի ձայնն է եւ հոն  եղբայրասիրութեան փոխ գործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն վրայ հիմնուած քաղաքական գործունէութիւն ծաւալուելու է, միշտ ազգային շահը, Սուրիոյ անդորրութիւնը, Սուրիացի ժողովուրդի միասնութիւնը ամէն   շահէ վեր նկատելով:
Այս առթիւ վերապատուելին՝ յանուն Սուրիահայ ժողովուրդին, պաշտօնական խնդրանք ներկայացուց  խորհրդարանի  նախագահին, որ գալիք մօտալուտ օրերուն Սուրիական Խորհրդարանը ընդունի թուրք իշխանութիւններու կողմէ 1915 թուականին հայ ժողովուրդի վրայ գործադրուած ցեղասպանութեան քրէական արարքը: