«Սքոփիա Մարտ ամսուն արգիլեց Ատրպէյճանի քաղաքացիներու մուտքը Սքոփիայի տարածք» կ'ըսէ երկրի պատուոյ հիւպատոսը
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Սքոփիա (FYROM) պատրաստ է ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, եթէ նման հարց ծագի, յայտնեց Ռուսիոյ Աշխարհաքաղաքական հետազօտութիւններու ակադեմիայի փոխ նախագահ Արայիկ Սարգսեանը՝ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին։
Այս տարուայ Մարտ 1-էն սկսեալ ան ստանձնած է Հա-յաստանի մէջ Սքոփիայի պատուոյ հիւպատոսի պաշտօնը:
«Սքոփիայի կառավարութիւնը Մարտ մէկին նշանակել է ինձ Հայաստանում որպէս երկրի պատուոյ հիւպատոս. սա բացառիկ դէպք է, քանի որ սովորաբար միջազգային կառոյցները պատուոյ հիւպատոս նշանակում են Վրաստանում, որովհետեւ Վրաստանը համարւում է տարածաշրջանում ամենաժողովրդավար երկիր», աւելցուցած է Սարգսեան՝ նկատել տալով սակայն, որ ցարդ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխան չէ տուած այդ առաջարկին:
Արայիկ Սարգսեան կարեւոր նկատած է հայ-սքոփիական յարաբերութիւններու սերտացումը՝ զայն նկատելով «հակաթուրքական միաւորում» քրիստոնեայ աշխարհին մէջ: Ան նկատել տուած է, որ այս իմաստով երկու երկիրներուն մտահոգութիւնները կը նոյնանան: «Սքոփիա ունի նոյն խնդիրը, ինչը մենք: Աւելին ասեմ՝ Սքոփիա Մարտ ամսին արգիլեց Ատրպէյճանի քաղաքացիների մուտքը Սքոփիայի տարածք»: