Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 19ի յետմիջօրէին, ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ Պէյրութի Էշրեֆիէ շրջանին մէջ՝ խլելով առնուազն 8 զոհ եւ պատճառելով մօտաւորապէս 80 վիրաւոր: Նեղ թաղամասի մը մէջ տեղի ունեցած ուժգին պայթումը նիւթական մեծ վնասներ պատճառեց:


Զոհերէն մէկն էր Լիբանանի ներքին ապահովութեան ուժերու գաղտնի սպասարկութեան պետ՝ զօր. Ուիսեմ Հասանը, իսկ պայթումը տեղի ունեցած է թաղամասի մը մէջ, ուր կը գտնուէր Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնատեղին ու ընդդիմութեան «Մարտ 14» շարժումի մէկ գրասենեակը:
Զոհերէն մէկն էր հայազգի Ժորժէթ Սարգիսեանը. նաեւ, վիրաւորուած է իննամեայ Նոյ Տոտէլեանը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր յղած է  Լիբանանի նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին‘ Պէյրութի մէջ 19 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան առիթով:
Հեռագիրին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Խոր ցաւով եւ ցասումով տեղեկացանք 19 Հոկտեմբերին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած անմարդկային եւ սահմռկեցուցիչ ահաբեկչական գործողութեան մասին, որուն պատճառով զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան տասնեակ մը անմեղ քաղաքացիներ: Այս տխուր առիթով Հայաստանի ժողովուրդին եւ անձամբ իմ անունովս խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեմ ձեզի եւ Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդին, զոհուածներու հարազատներուն‘ մաղթելով տոկունութիւն եւ յարատեւ խաղաղութիւն»:

 


Հաղորդագրութիւն

Էշրեֆիէի մէջ տեղի ունեցած անարգ պայթումէն անմիջապէս ետք, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց դատապարտանքի հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստիւ կը դատապարտէ Էշրեֆիէն թիրախ դարձուցած անարգ պայթումը, որ պատճառեց զոհեր ու վիրաւորներ:
«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ ոճրային այս արարքը եւ կը շեշտէ զոհերուն ընտանիքներուն հետ  զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր կը նկատէ զգուշանալ՝ դէպի ապահովական բացթողումներ սայթաքելու վտանգէն:
«ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ՛ուղղէ ազգային գիտակցութեան եւ Լիբանանի բոլոր զաւակներուն միասնականութեան»:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ