Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Հայկական  օդանաւին  հետ  առնչուած Երեւանի  դիրքորոշումը
չի  կրնար  յարգանքի  չարժանանալ»
կը  գրէ  Սուրիոյ  պետական  լրատուական  գործակալութիւնը

Սուրիայի պետական լրատուական SANA գործակալութիւնը, որ կը ներկայացնէ երկրի իշխանութիւններուն պաշտօնական դիրքորոշումը, քաղաքական մեկնաբանութիւն հրապարակած է առնչուած հայկական օդանաւով, Թուրքիոյ տարածքով սուրիահայերուն մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու հարցին կապակցութեամբ:  Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:
Մեկնաբանութեան մէջ, մասնաւորապէս, կ'ըսուի.
«Սուրիոյ հարեւան երկիրներուն ուղղուած կոչը՝  իրենց օդային տարածքով սուրիական օդանաւերուն թռիչքները արգիլելուն վերաբերեալ, որմով հանդէս եկած է Թուրքիան, անյաջողութեան մատնուած է: Սակայն Էրտողանի կառավարութիւնը, հաւանաբար, բաւարար  չափով դասեր չէ քաղած վերջին զարգացումներէն, քանի որ հարեւաններուն հետ հակամարտութեան ճանապարհին  անոր յաջորդ քայլը եղած է Հայաստանէն Սուրիա մարդասիրական օգնութիւն տեղափոխող օդանաւին վայէջք պարտադրելը եւ զննումը:
Այս անգամ սենարը քիչ մը փոխուած էր. հայկական օդանաւին թոյլ տրուած է Սուրիա թռչել՝  իր տարածքին «ճարտարագիտական» վայրէջք կատարելու պայմանով: Այդ վայրէջքին պատճառով հայկական օդանաւը յայտնուած է  հրշէջ մեքենաներու շրջապատման մէջ, իսկ ուղեբեռը մանրամասն ստուգում անցած է Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւններու աշխատակիցներուն կողմէ: Հայաստան դիմած է նման զիջման, վստահ ըլլալով իր արդարացիութեան մէջ եւ այն, որ օդանաւի բեռին մէջ ոչ մէկ արգելուած բան կայ:
Թուրքիոյ ԱԳՆ յայտարարութեան համաձայն, հայկական օդանաւը Հայաստանէն թռիչք կատարած է դէպի Հալէպ: Դիւանագիտական աղբիւրը նշած է, որ ուղեբեռին մէջ մարդասիրական օգնութիւն եղած է սուրիահայութեան համար, բայց թրքական իշխանութիւնները լրագրողներուն թոյլ չեն տուած ներկայ  ըլլալ օդանաւի զննութեան գործընթացին:
Երեւանը միջադէպին հետ կապուած սառնասրտութիւն ցուցաբերած է՝  թոյլ չտալով, որ Թուրքիոյ սադրանքը վերաճի աւելի լուրջ խնդիրի, որ չի կրնար յարգանքի չարժանանալ» կը հաղորդէ  լրատուամիջոցը: