Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին հաստատած են այն տեղեկութիւնները, թէ այս շաբթուան ընթացքին Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոս Մարթոնիի հետ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին,

արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն արտայայտած է Ամերիկայի կառավարութեան «խոր յուսախաբութիւնը»՝ ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Պաքուին արտայանձնելու Հունգարիոյ որոշումին առնչութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները աւելցուցած են, թէ Քլինթըն նաեւ ըսած է, որ Հունգարիոյ այս որոշումը վնասակար է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն համար:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Արամ Համբարեան ողջունած է այն իրողութիւնը, որ Քլինթըն կը շարունակէ օրակարգի վրայ պահել այս հարցը, սակայն միաժամանակ յոյս յայտած է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները, խօսքէն անդին անցնելով՝ կը սկսին գործնական քայլերու դիմելու: Համբարեան առաջարկած է կասեցնել Ատրպէյճանին զէնքերու վաճառքը եւ Ատրպէյճանի ռազմական ուժերուն տրամադրուող ամերիկեան բոլոր օժանդակութիւնները:
Միացեալ Նահանգները առաջին երկիրներէն էր, որ մտահոգութիւն յայտնեց եւ դատապարտեց ոճրագործը արտայանձնելու եւ նախագահ Ալիեւի կողմէ անոր ներում շնորհելու փաստը: Արտաքին գործոց նախարարութեան կողքին, շարք մը քոնկրեսականներ եւս դատապարտած են Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց քայլերը: