Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Մոսկուա անթափանցելի հակաօդային պատ մը
կառուցած է Հայաստանի շուրջ

Ըստ Defence.net յունական կայքէջի հաղորդումին՝ արբանեակային լուսանկարներէ յայտնի կը դառնայ թէ Մոսկուա անթափանցելի հակաօդային պատ մը կառուցած է Հայաս- տանի շուրջ:


Հարաւային Կովկասի շրջանը ներկայացնող արբանեակային լուսանկարները ցոյց կուտան թէ ընդհանուր տարածաշրջանէն ներս վերահսկողութիւնը սրած է: S-300 տիպի հրթիռներ տեղադրուած են Հայաստան, կտրուկ  բարձրացնելով ընդհանուր տարածաշրջանի օդային վերահսկողութիւնը:
Ըստ կայքէջի հաղորդած լրատուութեան, Մոսկուայի այս քայլերը ցոյց կուտան, թէ Ռուսաստան որոշած է ուժգին դիրք որդեգրել, մտահոգուելով թէ Ատրպէյճանի մէջ կրնայ բարձրանալ հրէական ռազմական զինուժը: Վերջին ժամանակաշրջանին աշխուժ քննարկումներ տեղի ունեցան Իրանի դէմ յարձակման հաւանականութիւններու մասին, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի կողմէ կովկասեան տարածաշրջանին վրայ ազդեցութեան ճնշման  գծով:
Նշենք, որ 2008ին Հայաստան ունէր S-300 տիպի հրթիռներու երեք մարտկոց, Երեւանի պաշտպանութեան համար: Ներկայ դրութեամբ Ռուսաստանը նոյն տիպի համակարգը զարգացուց Հայաստանի եւ Իրանի սահմաններուն վրայ, ինչպէս նաեւ երկու այլ S-300 մարտկոց հաստատեց Արցախի սահմաններէն 7 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Յունական կայքէջը  դարձեալ վկայակոչելով արբանեակային լուսանկարները, կը յայտնէ թէ նոր տեղադրուած ռազմական ուժերը կրնան ապահովել Ստեփանակերտի  եւ նոր օդանաւակայանի պաշտպանութիւնը: