«Անթիլիասի Դպրեվանքը Կազմաւորման Հնոց Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 83-րդ ուսումնական տարեշրջանի բացումը տեղի ունեցաւ անցեալ Կիրակի, 14 Հոկտեմբեր 2012-ին, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած սուրբ եւ անմահ պատարագով, որուն ընթացքին սաներ սուրբ հաղորդութիւն ստացան:
Պատարագեց փոխ տեսուչ Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան եւ քարոզեց տեսուչ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, որ «Թարգմանիչ վարդապետներ կենդանի գիրը երկրի վրայ հաստատեցին՝ հովուելու համար նոր Իսրայէլի հօտը. արդ, քաղցրահունչ երգով զԱստուած
օրհնենք» (Սրբոց Թարգմանչաց օրհնութեան շարական, առաջին տուն) բնաբանին լոյսին տակ ընդգծեց, որ դպրեվանքը Անթիլիասէն հայ մշակոյթի ոսկեդարը կերտած Սահակ-Մեսրոպեան սերունդին առաքելութիւնը կը շարունակէ 1930-էն ի վեր՝ Աստուծոյ կենդանացուցիչ ներգործութիւնն ու հայ արժէքներու բեղմնաւորումը ծաւալելով հայ ժողովուրդի աշխարհասփիւռ զաւակներուն մէջ:
Սուրբ եւ անմահ պատարագին երգեցողութիւնը կատարեցին դպրեվանեցիներ՝ ղեկավարութեամբ Մայր տաճարի դպրապետ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի:
Ապա, անոնք թափօր կազմած եւ Ս. Թարգմանիչներու նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ վեհարանի դահլիճը բարձրացան, ուր վեհափառ հայրապետին հանդիսապետութեամբ եւ միաբան հայրերու, ուսուցիչներու, ուսանողներու, ծնողներու ու Անթիլիասի դպրեվանքին սատար հանդիսացող հայորդիներու ներկայութեան գործադրուեցաւ բացման հանդէսը:
Յայտագիրը կը ներառէր դպրեվանքի «Սիրտ ի սիրտ» քայլերգը, շարական- ներ, Աւետարանէն եւ «Նարեկ» աղօթամատեանէն ընթերցումներ, արտասանութիւն մը եւ «Կիլիկիա» ու «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգերը:
Տեսչական խօսքը ուղղեց Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ դարձեալ կը գըտնուինք նոր տարեշրջանի մը սեմին, որ պարտաւոր ենք հոգեւոր եւ իմացական աճումով լեցնել:
Ան որդիաբար շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ իր հովուապետական բազում մտահոգութիւններուն մէջ առաջնահերթութիւն կու տայ դպրեվանքին եւ այս տարեշրջանին եւս կը գլխաւորէ ուսուցչական կազմը: Ան իր խօսքը եզրափակեց սաներուն յանձնարարելով այս տարեշրջանին Անթիլիասի դպրեվանքի հաւաքական կեանքի ուղեցոյց որդեգրել Քրիստոսակեդրոն կեանքը: Սըրբազանը ներկայացուց դպրեվանքի տեսչական, ուսուցչական եւ ուսանողական պատկերը՝ յայտնելով, որ նոր նշանակուած տեսչութեան մաս կը կազմեն փոխտեսուչ Յուսիկ վրդ. Մարտիրոսեան եւ հսկիչներ Պօղոս աբղյ. Թինքճեան, Գարեգին աբղյ. Շխրտըմեան եւ Զարեհ աբղյ. Սարգիսեան, ուսուցիչներուն ընդհանուր թիւն է քսանութ: Ուսուցչական կազմը միշտ կը գլխաւորէ վեհափառ հայրապետը՝ սիստեմաթիք աստուածաբանութիւն եւ հովուական աստուածաբանութիւն դասաւանդելով բարձրագոյն կարգին:
Ապա վեհափառ հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը ըսելով, թէ «Անթիլիասի դպրեվանքը հոգեմտաւոր կազ- մաւորման հնոց է: Այսպէ՛ս եղած է Անթիլիասի դպրեվանքը իր ծնունդով ու իր կոչումով: Ան մարդ պատրաստելու առաքելութեան է լծուած. ո՛չ սովորական մարդ, ո՛չ նաեւ սովորական ծանօթութիւններով զինուած մարդ, այլ՝ մեր ազգի, եկեղեցւոյ ու մշակոյթի նուիրական արժէքներով կազմաւորուած ու մեր գերագոյն իղձերու ու իտէալներու կրակով ու տագնապով թրծուած մարդ: Անթիլիասի դպրեվանքը հաւատք ու նուիրում, պատասխանատուութեան ոգի, ու յանձնառութեան կամք ունեցող մարդ կը պատրաստէ: Եւ այս տիպի մարդերն են, որոնք մեր եկեղեցին աւելի՛ պիտի պայծառացնեն, անոր առաքելութիւնը աւելիո՛վ պիտի կենսագործեն, մեր մշակոյթը աւելի՛ պիտի ծաղկեցնեն, մեր հայրենիքը աւելի՛ պիտի հզօրացնեն, մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները աւելի՛ մարտունակութեամբ պիտի հետապնդեն»: Ապա վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Այսօր, երբ մեր ազգի կեանքին բոլոր մարզերուն մէջ նահանջը զգալի է, մենք որքան հրամայական ու անմիջական կարիքը ունինք նման մարդոց»: Վեհափառը ողջունելով Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ սրբազանը, տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը՝ կոչ ուղղեց անոնց այս ոգիով լծուելու մարդու պատրաստութեան նուիրական աշխատանքին:
Իր խօսքի աւարտին վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Անթիլիասի դպրեվանքին նեցուկ կանգնող բարերարներուն եւ ազգայիններուն:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վեհափառ հայրապետի պահպանիչով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Բերէ Թորգոմ
Պատրիարքի Վերջին Օծման Եւ Թաղման Կարգին
Ինչպէս հաղորդած էինք երէկուան մեր թիւով, Ուրբաթ, 12 Հոկտեմբեր 2012-ին վախճանեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանը:
93 տարիներ բոլորած հանգուցեալ պատրիարքը աւելի քան վաթսուն տարիներ նուիրումով ծառայած էր հայ եկեղեցւոյ:
Հանգուցեալ Թորգոմ պատրիարքի վերջին օծման ու թաղման կարգին յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեանը: Իսկ յառաջիկայ Կիրակի, յաւարտ սուրբ պատարագին, հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւններ պիտի կատարուին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ'ԸՆԴՈՒՆԻ ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀ-ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային նորակազմ Վարչութիւնը իր պաշտօնական այցելութիւններուն շարքը սկսաւ նախ այցելելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին:
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Պիքֆայայի վանք, ուր զիրենք ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:
Քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայ ազգը եւ մասնաւորաբար Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:
Այլ հանդիպում մըն ալ կայացաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ: