Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Պրիւքսելի մէջ այսօր կը գումարուի ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու երկօրեայ հանդիպումը: Օրակարգային թեմաներուն մաս կը կազմէ Աֆղանիստանի մէջ տիրող իրադրութիւնը:


Նախարարները պիտի քննարկեն Գապուլի հետ հետագայ  համագործակցութեան հարցերը, մասնաւորապէս, երկրի անվտանգութեան ապահովման հարցը, երբ միջազգային զօրամիաւորումները հեռանան երկրէն:
Կը նախատեսուի որ ՆԱԹՕ-ն վերջնականապէս հեռանայ Աֆղանիստանէն մինչեւ 2014 թուականը:
Հանդիպման աւարտին կը նախատեսուի նախնական փաստատթուղթի մը ստորագրումը, որ թոյլ պիտի տայ զինուորական փորձագէտներուն՝ կազմել Աֆղանիստանի մէջ իրենց հետագայ առաքելութեան ծրագրաւորումը:

 

Սէյրան Օհանեան կը մասնակցի ՆԱԹՕի ժողովին

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 9-ին մեկնած է Պելճիքայի Թագաւորութիւն՝ Հոկտեմբեր 10-ին Պրիւքսէլի մէջ մասնակցելու ՆԱԹՕ-ի կեդրոնակայանին մէջ կայանալիք Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարած առաքելութիւններուն մասնակցող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հերթական նիստերուն: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Այցելութեան  ծիրէն ներս նախատեսուած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի հանդիպումները Եւրոպայի մէջ ՆԱԹՕ-ի միացեալ զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատար, ծովակալ Ջէյմս Սդաւրիտիսի, ինչպէս նաեւ Եւրոմիութեան եւ Եւրոխորհրդարանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ: