Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Ազդակ»ին խօսելով յայտնած է որ  երկու օրէ ի վեր կացութիւնը աւելի հանդարտ է, հակառակ անոր որ քաղաքի ծայրամասային թաղամասերուն մէջ կռիւները կը շարունակուին: 

Ռէյիսեան դիտել տուաւ, որ այն քաղաքներուն մէջ ուր կացութիւնը աւելի կայուն է, սկսած է ուսումնական տարին, ինչպէս՝ Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մէջ:  Դպրոցներու հոգաբարձութիւնները եւ տնօրէնութիւնները  պատրաստութեան մէջ   են յառաջիկայ օրերուն Հալէպի մէջ եւս վերսկսելու ուսումնական կեանքը՝ որոշ յարմարեցումներով: