Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը թուրք վարչապետ Էրտողանի կողմէ պաշտօնապէս Թուրքիա հրաւիրուած է, եւ ամենայն հաւանականութեամբ՝ այդ այցելութիւնը տեղի կ'ունենայ 2013 Փետրուար կամ Մարտ ամսուն:

Այնպէս կը թուի, Էլիզէ ընդառաջած է հրաւէրին: Նշենք, որ G-20-ի Մեքսիքոյի վեհաժողովին՝ Էրտողան Հոլանտի դիտել տուած էր որ ֆրանսացի ոչ մէկ Հանրապետութեան նախագահ Թուրքիա այցելած է վերջին քսան տարիներու ընթացքին (Սարքոզի գացած էր որպէս G-20-ի նախագահ): Ըստ թրքական աղբիւրներու՝ Անգարա արդէն պատրաստած է ապագայ այս հանդիպումին օրակարգին առանցքը, որ կը բաղկանայ հիմնական երկու նիւթէ. Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը եւ Պատժելիութեան օրէնքը: