Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը կը Տեղեկացնէ Իր Խորհուրդները Վերադասաւորելու Մասին
Սուրիոյ տագնապին հետեւանքով, թեմի տարածքին մէջ ստեղծուած արտակարգ իրավիճակին պատճառով, նոր կացութիւնները դիմագրաւելու եւ թեմական-ազգային աշխատանքները համապատասխան կերպով վերակազմակերպելու համար,
Բերիոյ հայոց թեմի Ազգ. Վարչութիւնը վերադասաւորեց իր Խորհուրդներու այժմու դրոյթը: Իր յայտարարութեան մէջ կը նշուի թէ՝
Ա) Համատեղեց պաշտօնավարութեան վրայ եղող Բերիոյ հայոց թեմի Տնտեսական Խորհուրդի, Ուսումնական Խորհուրդի եւ Կալուածոց Հոգաբարձութեան աշխատանքային մարզերը:
Բ) Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Տնտեսական, Ուսումնական, Կալուածոց կազմերու ներկայացուցիչներով յառաջացուց ժամանակաւոր Ազգային Խորհուրդ, որուն պարտականութիւնն է Ազգ. Վարչութեան համապատասխան ցուցմունքներուն գործադրութիւնը թեմիս տարածքին:
Գ) Վերադասաւորման այս շրջագիծին մէջ, Թեմիս Ընկերային Ծառայութիւնը իր աշխատանքը պիտի ծաւալէ համագործակցաբար Հալէպահայութեան Շտապ Օգնութեան Մարմնին:
Դ) Թաղական Խորհուրդները, Ազգ. վարժարաններուն հոգաբարձութիւններն ու խնամակալութիւնները իրենց վստահուած աշխատանքները կը շարունակեն նախկին դրութեամբ:
«Այս տնօրինումներով կը հաւատանք, որ թեմական ծառայութեան մեր աշխատանքները արդիւնաւէտ պիտի ըլլան եւ կը յուսանք, որ ազգային մեր ընդհանրական հիմնախնդիրներուն արագ, տեղին ու բարւոք լուծումներ բերած պիտի ըլլանք:
Յաջողութեան գրաւականը ճշգրիտ հասկացողութիւնն ու համագործակցութիւնն է:
Երկրիս եւ առ այդ Թեմիս դիմագրաւած արտասովոր պայմաններուն բերումով ժամանակաւոր կերպով կատարուած այս տնօրինումներով, ազգովին պարտականութիւն ունինք լարելու մեր ճիգերը եւ շրջանցել դժուարութիւնները:
Բերիոյ Հայոց Թեմը իր հարիւրամեակներու պատմութեան ընթացքին յաճախ գտնուած է դժուարութիւններու առջեւ ու կրցած է զանոնք յաղթահարել համայնական ճիգով, կամքով, ապագայի նկատմամբ պայծառատեսութեամբ, ապրելու եւ ապրեցնելու հաւատքով»:
ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՈՐՈՇ ԴՊՐՈՑՆԵՐ ԲԱՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԴՌՆԵՐԸ
Հալէպի մէջ իրենց դռները բացած են միայն Լազար Նաճարեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան, Կրթասիրաց եւ Բեթէլ վարժարանները, մնացեալ հայկական վարժարանները առայժմ կը մնան փակ։
Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տարածքը տակաւին կը նկատուի վտանգաւոր գօտի, ուստի 12րդ կարգի աշակերտները միայն իրենց վերամուտը սկսած են այլ կեդրոնի մը մէջ:
Ինչպէս երէկուան մեր թիւով կը նշէինք, Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժ. Ռէյիսեան նշած է որ նախորդ հանգրուանին առաւել ապահով վայրեր տեղափոխուած տղոցմէ ոմանք կը վերադառնան իրենց տուները, սակայն ընտանիքները տակաւին չեն գար: Անդրադառնալով Հալէպի ընդհանուր իրավիճակին՝ Ռէյիսեան յայտնած է, որ տնտեսական ծանր իրավիճակ ստեղծուած է, բազմաթիւ հաստատութիւններ փակուած են եւ անգործներուն թիւը բարձրացած է։
Միւս կողմէ, կացութիւնը նոյնը չէ Դամասկոսի, Գամիշլիի, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ մէջ, ուր հայկական վարժարանները արդէն սկսած են գործել։ Նկատի առնելով, որ մայրաքաղաքին մէջ իրավիճակը աւելի խաղաղ է, տեղւոյն չորս հայկական վարժարանները իրենց դռները բացած են հայ աշակերտութեան դիմաց:
Նշենք, որ Սուրիոյ տարածքին կան մօտ 38 հայկական ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններ։
ժիրայր Ռէյիսեան խօսելով «Թերթ»ի թղթակիցին հետ նշած է, որ թէեւ մարտական գործողութիւնները Հալէպի հայկական թաղամասերէն հեռու են, սակայն առկայ հիմնական դժուարութիւնները այժմ տնտեսական ու ընկերային են։
Անդրադառնալով առկայ նիւթական վնասներուն եւ շրջան ընող այն տեղեկութիւններուն, թէ վնասներ կրած են նաեւ հայկական եկեղեցիները՝ Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ պէտք չէ մասնաւորեցնել զանոնք եւ առանձնացնելով հայկական շինութիւնները՝ զանոնք «խոշորացոյցի տակ առնելով: Կան շէնքեր, որոնք լրիւ քանդուած են, մզկիթներ, որոնք քանդուած են, իսկ եթէ եկեղեցւոյ մը զանգակատան քարերէն մէկը շարժած է, ատիկա հարց չէ», յայտնած է ան։
Անոր համաձայն, առաւել վտանգաւոր են այն շրջանները, ուր տեղակայուած են արձակազէնները: Անոնց փամփուշտները կրնան վնաս հասցնել, բայց մարդիկ կը զգուշանան եւ կը խուսափին այդ փողոցներուն մէջ երթեւեկելէ:
Անդրադառնալով Հալէպի մէջ առկայ ջուրի խնդիրին եւ պարբերաբար ելեկտրականութեան ընդհատումներուն՝ Առաջնորդարանի բանբերը նշած է, որ կառավարութիւնը կարելին կ՛ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու։ Ջրամատակարարումը արդէն վերականգնուած է, իսկ ելեկտրականութիւնը որոշ ընդհատումներով կը տրուի:
Յունական մամուլը կ'անդրադառնայ մարդասիրական միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ հրապարակուած տուեալներուն, որոնց հիմամբ երեխաները լուրջ հոգեկան ճնշումի կ'ենթարկուին Սուրիոյ մէջ: Անոնցմէ շատերու վկայութիւններ հրապարակուած են, ուր կը նշեն թէ ականատես դարձած են սպանութիւններու եւ բռնութեան դէպքերու: Կազմակերպութիւնները կÿահազանգեն այս ուղղութեամբ: