Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Կան  Զոհեր

ԵՌԱԳՈՅՆ կայքէջէն կ'իմանանք, որ երէկ ուշ գիշերին կապ հաստատուած է Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանին հետ: Ան հաստատած է որ Հալէպի ազգային Կիւլպէնկեան վարժարանին մօտ պայթած է երկու ռումբ՝  պատճառելով մարդկային վնասներ։

 

Հալէպի Կիւլպէնկեան վարժարանը
«Առաջին ռումբը պայթած է օդին մէջ՝ առանձ վնասներ հասցնելու, երկրորդը՝ մարդկային վնասներ պատճառած է. նախնական տուեալներով կայ երկու զոհ՝ մէկը արաբ քրիստոնեայ, միւսը Տէր Զորցի հայ՝ Վարդան Մութաֆեանը»,- ըսած է Ռէյիսեան աւելցնելով, որ Վարդան Մութաֆեանը աւելի ապահով ապաստան գտնելու միտում ունենալով՝ Տէր Զորէն Հալէպ եկած էր։
Ինչ կը վերաբերի վիրաւորներուն՝ Ռէյիսեան դժուարացած է ստոյգ տեղեկութիւններ տալու: «Պայթումը եղած պահուն խօսեցան չորս վիրաւորներու մասին, որոնց մէջ կ'ենթադրուէր, որ հայ չկայ, բայց վիրաւորներուն պատկանելիութիւները դեռ ստոյգ չեն, այլ լրատուամիջոցներ յայտնեցին տասը վիրաւորներու մասին»,- ըսած է ան: