Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հունգարիոյ Հայ ազգային խորհուրդը մտադիր է ատրպէյճանցի մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Ատրպէյճանին արտայանձնելու վիճայարոյց որոշումին համար Հունգարիոյ կառավարութեան դէմ դատ բանալ:

Հունգարական «Պլիքք» օրաթերթը կը վկայակոչէ խորհուրդի ղեկավար Ժեւան Սարգսեանի այն յայտարարութիւնը, թէ կառավարութեան դէմ մեղադրանքները կը ներառեն նաեւ կաշառակերութեան եւ դիրքի չարաշահման կէտեր: Նախապէս հունգարական ընդդիմութիւնը ի դէմս ընկերվարականներուն, երկրին վարչապետը «բարոյապէս փտած» անուանած էր:

Հունգարիոյ մէջ շուրջ երեսուն հազար հայ կայ: