Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն 20 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած Եւրոպական քաղաքականութեան վերլուծութեան կեդրոնի «Միացեալ Նահանգներ - Կեդրոնական Եւրոպա ռազմավարական համախմբումի» ծիրին մէջ

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ  ունեցած իր զրոյցին ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ «բաւարարուած չեն» Պաքուէն ու Պուտափեշտէն Սաֆարովի հարցին գծով ստացած բացատրութիւններէն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը ըսած է նաեւ, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ «մտահոգութիւն ու հիասթափութիւն» արտայայտել Պուտափեշտին՝  ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովը Պաքուին արտայանձնելու առիթով: Կարգ մը գոնկրեսականներ կը շարունակեն բողոքի ձայն բարձրա-ցնել Գոնկրէսէն ներս, դատապարտելով Սաֆարովի ազատ արձակման պարագան:
Կորտըն ըսած է, որ Ուաշինկթըն նոյն «պատգամը» կը յղէ նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն, որոնք ներում շնորհած են Սաֆարովին ու բարձրացուցած անոր զինուորական կոչումը:
«Մենք ցնցուած ենք մեծարումէն անձի մը, որ սպանութեան համար դատապարտուած եղած է», աւելցուցած է Կորտըն: Ան խիստ խօսքերով անդրադարձած է հարցին, իսկ Սաֆարովի գործը «շրջանին մէջ իսկական սադրանք» անուանած է: