Բարի սովորութիւն դարձած է: Քանի մը մտերիմներով, գրեթէ շաբաթական դրութեամբ մեզմէ մէկուն տան մէջ կը հաւաքուինք, սուրճ կամ «գաւաթ» մը խմելու:
Զարեհ վեհափառի անուան եւ Արսլանեան պողոտայի խաչմերուկ,
ճեմարանին կից թաղամաս
Իւրաքանչիւր հաւաքին՝ կրկին ու կրկին անգամներ կը հաստատենք, որ աշխարհը ուր կ՛ապրինք, մեր ճակատագրի այն մասն է, որ կը կերտէ մեր կեանքը: Եւ որովհետեւ մեր ճակատագիրը նախասահմանուած չէ, ուստի մեզի համար ամէն ինչ չափազանց բարդ է ու գրեթէ աննախատեսելի։
Ուղղութիւնները շատ են: Նպատակները՝ բազմազան, իսկ ընտրութիւնը կախում ունի մեր կամքէն:
Կը խմենք, կը խօսինք, ու կը խօսինք միայն մեր Սուիրոյ եւ մանաւանդ մեր Հալէպի մասին, այն քաղաքին, որ համիտեան ջարդերու օրերէն ի վեր փրկարար երդիքներ ապահոված էր մեր ժողովուրդի բեկորներուն՝ անխտիր:
Կարճամտութիւն կը նկատենք խօսիլ առարկայական պայմաններու մասին, որովհետեւ այս օրուայ ստեղծուածը, արդէն վաղը հին է: Ամէն օր եւ ամէն լուսածագին աշխարհի երեսին նորութիւն մը կայ: Տխուր կամ ուրախ իրականութիւն մը:
Այս է աշխարհի ժողովուրդներուն աշխարհը:
Բայց, հաւատացէք, երկար ամիսներէ ի վեր մեր աշխարհը միայն Հալէպն է: Մեր հաւաքներուն մեր աշխարհը Հալէպով կը սկսի ու Հալէպով ալ կը վերջանայ:
Մեզմէ ոչ մէկուն հոգն է, թէ աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ տեսակաւոր ցոյցեր կը կատարուին: Մարդասպաննութիւններ կամ ահաբեկումներ տեղի կ՛ունենան: Մեզի ի՞նչ եւ որո՞ւ հոգը Ամերիկայի հանրապետականներուն կամ տեմոքրաթներուն պատգամաւորական ժողովներու որոշումները եւ կամ նախագահական աթոռի թեկնածուները: Մեզի համար անոնք բոլորն ալ անիմաստ են ոչ կենսական, իսկ արտասանուած ճառերը՝ դատարկ ու անիմաստ հնչիւններ:
Մեր մտահոգ խօսակցութիւններուն գլխաւոր կորիզը մեր այդ տառապող քաղաքն է: Բոլորս ալ սուրիացիներ ենք, աւելին՝ Հալէպի ծնունդներ. ի ծնէ արդէն սիրահարուած ենք Հալէպին, անոր Նոր Գիւղին, հայկական վարժարաններուն, անոր Ճեմարանին եւ Ճիտէտիէին, Սիւլէմէնիէյին, Թիլէլին եւ Սալիպէին, անոր պատմական եկեղեցիներուն, պատսպարանին ե՛ւ ակումբին ե՛ւ պարտէզին:
Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ետեւը գտնուող թաղամասը
Յուզուելով, ընդվզելով, յաճախ անիծելով ու նոյնիսկ «բառեր» գործածելով մեր ապրումները կը կիսենք ու ժամերը կը վատնենք: Քաղաքագէտներ չենք, սակայն տագնապին լուծումներ ունինք կը կարծենք: Սակայն, ո՞վ մեզ պիտի լսէ:
Կը պոռանք ու մեր ձայները աստղերէն աւելի բարձր կ՛ուզենք հասցնել: Որովհետեւ մենք խմբուածներս, բոլորս կը պատկանինք հալէպահայերու այն փաղանգին, որոնք երկար տարիներ թէեւ մարմնով հեռու, բայց մտքով, սրտով առնչուած մնացին իրենց պատանեկութեան ու երիտասարդութեան շրջանի արմատները սնող միջավայրին՝ ծննդավայրին, պատմական քաղաքին, ուր ուժգնօրէն կը բաբախէր հայկականութիւն բուրող ոգին։
Հալէպը, իր դարաւոր բերդին պէս խարսխուած է մեր հոգիին մէջ։ Կարծես մեր մէջ խօսողը մեր երեւակայութիւնն է: Հին ու նոր բոլոր դէպքերը մեր մէջ արմատացած են:
Ամէն անգամ կը յիշենք, որ բոլորս ալ ծնած ենք նոյն տեղը ու հիմա կ՛ապրինք ուրիշ տեղ: Արդեօք այս մէկը Հայոց պատմութիւն չէ՞:
Սուրիան իր Հալէպով եւ Դամասկոսով, իր Գամիշլիով եւ Հոմսով, իր հայաշատ այլ գիւղերով եւ աւաններով, միշտ իրենց բոլոր մանրամասնութիւններով հպարտ պատմութիւն արձանագրուած, նոյնիսկ քանդակուած կը մնան մեր էութեան մէջ:
Անոր համար, մեր խօսակցութիւնը միշտ եւ յարատեւ հին օրերու գեղեցիկ յուշերու թարմացումը կը բերէ մեզի: Երբ իր մասին կը խօսինք, կարծես մեր հոգիէն բան մըն է, որ կը քակուի,: Կարծես մեր դիմացը կը բացուի այդ հին սակայն հաճելի, անկրկնելի, երանելի ու երազային աշխարհը:
Ու յանկարծ կը վերադառնանք տխուր իրականութեան: Կը հաստատենք, որ եթէ հոն ժամանակները փոխուած են, նաեւ փոխուած են ամէն տեղ:
Հալէպ եւ իր «կարմիր» լուրերը: Յաճախ շատերուն նման մենք ալ կորսուած ենք: Շշմած ենք: Անելի առջեւ ենք:
Ու կարօտի եւ կարեկցութեան, օգնութեան հասնելու, փոյթով, բանով մը օգտակար դառնալու յոգնութիւնն է, որ կը պղտորէ մեր բոլորին տեսողութիւնը:
Որովհետեւ, այս բոլորին ետին կայ եւ կը մնայ մեր ծննդավարէն հասնող այն անտեսանելի գեղեցիկ ու կախարդական կապը, որ միշտ հաղորդ պահած է մեզ:
Ինչո՞ւ այս բոլոր մտածումները… շատ պարզ է:
Այսպէս, աւելի քան տարիէ մը աւելի մեր երկրորդ հայրենիք կոչուած երկիրը՝ մեր ծննդավայր Սուրիան, կործանման եզրին կը գտնուի: Լուրերը այդպէս են: Իրականութիւնը ոչ միայն տխուր, ողբալի ու ցաւալի է այլեւ՝ արիւնոտ:
Ամէն օր, հոն՝ իր այդ պատմական քաղաքներու օդին մէջ կը խտանայ մահուան շունչը, տագնապը, ահը:
Այս բ
ոլորին մէջ, մարդ կոյր ըլլալու է եթէ չտեսնէ, թէ հոն այդ երկրին մէջ ապրող հայ մարդու գլխուն կախուած է ֆիզիքական ոչնչացման վտանգը: Աւելի քան մէկ դարու կեանք ունեցող հայ գաղութի մը փլուզումը կը գծագրուի:
Իրականութիւն է, թէ այսօր Սուրիան ներքին հարցերու մէջ ճարճատող երկիր մը դարձած է: Ահա թէ ինչու հոն շնչող մեր գաղութը լուրջ տագնապ մը կ՛ապրի:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի
Ահազանգ է:
Շատեր այս մասին խօսեցան: Ուրիշներ զգաստութիւն շեփորեցին: Գումարներ սկսան հանգանակել: Ոմանք սրտցաւ գրեցին, ոգեւորիչ խօսքեր արտայայտեցին, յոյս փայփայող պատրանքներով:
Բայց դառն իրականութիւնը մնաց մերկ ճշմարտութիւն:
Երկիրը, նոյն այդ մեր ծննդավայրը, ամէնօրեայ արեան գետին մէջ սկսած է լողալ, օր ցերեկով, աշխարհի աչքին առջեւ եւ կրնայ օր մըն ալ խեղդամահ ըլլալ, նոյն այդ արեան անվերջանալի ու անհասկնալի հոսքին մէջ:
Աշխարհը այլեւս բաց գիրք մըն է, ամէն մարդ կրնայ իր մատներով թղթատել զայն: Այլեւս չկայ հեռու կամ մօտ, իմս կամ քուկդ: Անոր համար աշխարհի համայն մարդկութիւնը մեծ խաղի մը դերակատարը դարձած է:
Իսկ մենք՝ հայերս:
Մենք, որ մեռնող եւ երբեմն ալ վերածնող ժողովուրդի խորհուրդը պահած կ՛ապրինք մեր ջիղերուն եւ երակներուն մէջ, այս օրերուն, ի տես մեր Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի գաղութի մահացու տագնապին՝ շուարած ենք:
Յստակ է, արեւու նման պայծառ է, թէ պետութիւններ կ՛ուզեն մեր այդ երկրին ու մանաւանդ մեր այդ գաղութին մահազդը իրենց ձեռքերով շարադրել եւ գրել:
Յանկարծ բոլորս ալ կը լռենք:
Այդ լռութեան մէջ ներկայ են մեր ծննդավարէն մեզի հասնող աղաղակները, տուներու, հաստա- տութիւններու վայրագ քանդումներն ու աւերակումները, անմարդկային մարդոց վայրենի կանչերը, բոցավառ աղօթքները, մահ տարածող ձայները, փլատակ դարձած շէնքերու կմախքները, սեւցած պատերով տուները, փողոցներու մէջ ածխացած դիակներու կոյտերը, որոնք կը ստիպեն, որ մեր հոգիները ծալլուին, ինչպէս որ մրրիկը կը ծալլէ եւ գետին կը տապալէ հասկերու դեղին ծովը:
Բացայայտ է, թէ հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին, հայերս մռայլ եւ ամեհի դար մըն է, որ ազգովին կ՛ապրինք: Հետաքրքիր, նոյնքան սարսափազդու: Մեզի հայերուս «ուրախութիւն չի գար» ըսած ու յաճախ կրկնած էր ողորմած մեծ մայրս: Ճիշդ էր:
Հալէպի մէջ, այս օրերուն ամէն կողմ եւ ամէն քայլափոխի տեսանելի են կռիւ, ներքին պատերազմ, արիւն, վէրք, անօթութիւն, սով, ջուրի եւ լոյսի կարօտ, մահ եւ սուգ:
Բայց յետոյ ի՞նչ: Մինչեւ ե՞րբ այս վիճակը, մաշումը, քանդումը, գաղութի մահազդու տագնապը:
Կ՛ուզենք դիտել եւ ապրիլ կեանքը:
Անոր համար յոյս կը մուրանք: Կը նետենք մեր մտքի ուռկանը ու կը փորձենք որոնել մեր ինքնութիւնը:
Ու յանկարծ մեր խօսակցութեան ընթացքին «ֆէյսպուքէն» կամ «թիվի»էն աղետաբեր նոր լուրեր կը հասնին: Այս անգամ սենեակէն ներս ճերմակ լռութիւն մըն է, որ կը տիրէ: Մեր շրթունքները հազիւ կը ճեղքուին: Մեր դէմքերուն վրայ կրկին ստուերներ կը նստին, շուքի տակ նստած, սեւ վարդի նման:
Սենեակին մէջ Հալէպը ու իր ներկայ մթնոլորտը տակաւին լեցուն է իր արձագանգներով: Կը շարունակենք մեր ընդվզումն ու ցասումը:
Գաղութ մը, որ ի՛նք տարիներով երդիք եղած էր իր ազգակիցներուն, հիմա ի՛նք այդ երդիքին կարօտը ունի:
Ցաւալի է չէ՞: Սա մեր հալէպն է: Աւելին՝
Սա մեր բոլորին Հալէպը եղած է եւ այդպէս ալ կը մնայ:
Այսօր քանդումի ու փլուզումի ենթարկուած է ֆիզիքապէս ու հոգեպէս:
Ինչպէ՞ս կարելի է լիովին մերկացնել մարդկային այս արարքներու եւ ժեստերու ետեւ թագնուած իրականութիւնը: Այսօր մեր գաղութը զոհն է համաշխարհային քաղաքականութեան աղտոտ խաղին, կը փորձենք մենք զմեզ համոզել:
Ու հակառակ այս դառն ու մահացու իրականութեան, հոն այդ պատմական քաղաքին մէջ տակաւին յուսահատիլ չգիտցող հայ մարդիկ կան: Պատիւ իրենց:
Մէկ խօսքով, այս մենք ենք եւ մենք չենք:
Կ՛ըսենք եւ չենք ըսեր: Կը լսենք եւ երբեմն ալ խուլ ենք: Կը հաստատենք, որ էական է կարդալ ու հասկնալ այս գաղութի իրականութեան արտաքին երեւոյթին կողքին, ներքինն ալ:
Շատ յաճախ մեր աչքերը փակելով մութի մէջ կ՛ուզենք ուրիշը տեսնել: Կը նախընտրենք խաբել մենք զմեզ: Չենք հրաժարիր մեր տեսակէտէն, բայց չենք ալ ընդունիլ մեր սխալը:
Անոր համար դարերով կը չարչարուինք:
Սփիւռք եւ հայրենիք:
Ճակատագրական երկու թեւերը մեր ժողովուրդին: Իրարու ծանօթ եւ երբեմն ալ անծանօթ: Բայց մենք անծանօթներ չէինք։ Թէեւ տարբեր ճակատներու վրայ կ'աշխատէինք, թերեւս առանց վերահասու ըլլալու, որ եթէ մենք մեր ժողովուրդին կը ծառայէինք, մեր ժողովուրդը մէկ է, չի կրնար երկու կամ երեք ըլլալ։
Վերջ ի վերջոյ բոլորս ալ հայեր ենք եւ բոլորս ալ կոչուած ենք միասին կերտելու մեր կեանքը, մեր ժողովուրդի ապագան:
Մեր հարցերը պէտք է լուծենք առանց անցեալի միջամտութեան: Մերկ լոյսի տակ: Առանց լալու կամ տրտնջալու: Առանց աւելորդ ցուցապաշտութեամբ: Առանց խաբելու եւ խաբուելու:
Բայց հարց է, թէ այս բոլորը ո՞ր զէնքերով կարելի պիտի ըլլայ իրականացնել: Ի՞նչ հոգեկան կարողութիւններով եւ միջոցներով: Անցեալ դարու մեր գործած սխալները չկրկնենք:
Վերջապէս բոլորս ալ իջնելու ենք իրական աշխարհ, ազատուած ուրուականներէն, լայն ու գիտակից ուշադրութեամբ եւ հանգիստ ու դրական սրտով ու մօտեցումով:
Մեր հանդիպումը կ՛աւարտի գիշերուայ ուշ ժամերուն: Աւարտած է արդէն: Արդէն իսկ յաջորդը ծրագրուած: Բորոլս ալ յոգնած ենք արդէն, նոյնիսկ սպառած՝ խօսելէ, մտածելէ, զիրար մխիթարելէ: Առանձնանալու կարիքը կը զգամ: Թերեւս ինքզինքս վերագտնեմ:
Շատերուն նման ես ալ կորսուած եմ, որովհետեւ մեր բոլոր հանդիպումներուն ետին տակաւին կայ եւ կը մնայ ծննդավարէս հասնող այն անտեսանելի գեղեցիկ ու կախարդական կապը, որ միշտ հաղորդ պահած է զիս:
Անոր համար յաճախ կարօտը զիս կը բռնէ լալու աստիճան:
Մենք տառապած ժողովուրդ ենք կ՛ըսեմ մտովի: Նման ենք ջուրին, բնութեան: Մեր ճակատագիրը մեր պատմութիւնն է: Մեր գոյութիւնը միշտ մարտ եղած է:
Այս է նաեւ մեր պատմութիւնը, կը փսփսամ:
Կը հաւատամ, որ գալիքին համար նոր ճամբաներ եւ լոյսեր պէտք են եւ կը կրկնեմ, որ մեր ապահովութիւնը թէեւ մեր հայրենի հողին վրայ է միայն:
Սակայն այս օրերուն՝ այս մենք ենք եւ սա՝ մեր բոլորին Հալէպն է:
Այս մէկը՝ այդքան ալ դժուար չէ հասկնալը: Հոն է ան, իր արիւնլուայ ու խղճալի վիճակով այդ պատմական ու մեծ քաղաք ու ազգային աւիշ ներշնչող գաղութ Հալէպը: Պէտք է, որ ան գոյատեւէ, մնայ, շնչէ, ապրի, բարգաւաճի մեր բոլորին կամքով ու մեր բոլորին գիտակցութեամբ, մեր բոլորին համար ու յատկապէս մեր հայրենիքին համար:
Այս աղաղակ մըն է, որ երբեք պիտի չլռէ:
Գէորգ Պետիկեան