Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

ՓԱՐԻԶԻ  ՄԷՋ  ԱԼԻԵՒԻ  ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ  ԴԷՄ  ՑՈՅՑ

Երեքշաբթի 18 Սեպտեմբերի երեկոյեան Փարիզի ատըրպէյճանական դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյց մը կազմակերպուած էր Ֆրանսահայ Ընկերակցութիւններու Համակարգող Խորհուրդին կողմէ, Իլհամ Ալիեւի Փարիզ այցելութեան առթիւ։

 


Հարիւրաւոր ցուցարարներու կողքին ցոյցին կը մասնակցէին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ռընէ Ռուքէ եւ  Վալերի Պուայէ, որոնք խօսք առնելով դատապարտեցին Ատրպէյճանի կեցուածքը եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին մեր պայքարին։ Խօսք առին նաեւ Արա Թորանեան, Յարութ Մարտիրոսեան, Հրաչ Վարժապետեան եւ Մուրատ Փափազեան։


Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ռընէ Ռուքէ,
Վալերի Պուայէ, Ալեքսի Կովսեան, Մուրատ Փափազեան

Խօսք առնողները կ'անդրադառնային Ատրպէյճանի նախագահի կողմէ մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի ներման եւ ազգային հերոսի կոչման շնորհման, դատապարտելով ու անընդունելի բնորոշելով այսպիսի կեցուածք: Անոնք քննադատեցին Ալիեւի Փարիզ այցելութիւնը եւ հանրապետութեան նախագահին կողմէ ընդունելութիւնը։
Ժողովուրդը կը վանկարկէր «Ֆաշի՛ստ Ալիեւ, դո՛ւրս Ֆրանսայէն» եւ այլ բողոքի լոզունգներ, իր զայրոյթը արտայայտելով Ալիեւի այցելութեան եւ Ֆ. Հոլանտի կողմէ ընդունելութեան դէմ։ Պարզուած էին նաեւ պաստառներ, ուր կարելի էր կարդալ «Ալիեւ՝ բռնապետ», «Ֆրանսան կÿընդունի մարդասպան մը, արդարութիւնը ծախու չէ», «Գուրգէն Մարգարեան սպաննուեցաւ ցեղապաշտութեան կողմէ» եւ այլ նման գրութիւններ։
Նոյն օրը Էլիզէի պալատին մէջ Ալիեւ ընդունուած էր նախագահ Հոլանտի կողմէ, լուսարձակներէ հեռու։ Լրագրողներու եւ լուսանկարիչներու մուտքը արգիլուած էր։ Ընդունելութիւնը տեւեց հազիւ կէս ժամ, որու ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը կոչ ուղղեց «Հայաստանի հետ վերահաստատելու վստահութեան մթնոլորը, որպէսզի կարելի ըլլայ ԼՂ  հարցով բանակցութիւնները յառաջ տանիլ, ԵԱՀԿ-ի խումբի շրջանակէն ներս»։