Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սուրիահայերը ստիպուած են պարբերաբար հերքելու տարածուող կեղծ լուրերըՍուրիոյ մէջ կը շարունակուին իշխանական ուժերու եւ ապստամբներու միջեւ բախումները։ Հալէպի մէջ, յատկապէս հայաբնակ    թաղամասերուն մէջ վիճակը թէեւ լարուած, չկան սակայն մարտական գործողութիւններ։


Նախապէս դիպուկահարի կրակոցէ սպաննուեցաւ հայազգի մէկ քաղաքացի։ Հալէպահայութիւնը կը շարունակէ ապաստանիլ ապահով վայրերու մէջ,  իրավիճակի կայունացման ակնկալիքով։
Տիրող վիճակի մասին մանրամասնութիւններ փոխանցեց  Բերիոյ  թեմի առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէիսեանը,  որ հերքեց  տարածուած այն տեղեկատուութիւնը, թէ   Հալէպի հայաբնակ Սուլէմանիէ շրջանի հայութիւնը կը զինուի: