Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Սարայեւօ մասնակցելու միջազգային միջ-կրօնական համագումարի մը:

Վեհափառ  հայրապետը հրաւիրուած է խօսք առնելու յիշեալ համագումարին: Վեհափառին կ'ընկերանայ Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերշ. Տ. Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:
Վեհափառ հայրապետը Անթիլիաս պիտի վերադառնայ Երկուշաբթի 17 Սեպտեմբերին: