Երէկ, Սեպտեմբեր 13-ին սկսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդւարդ Նալբանդեանի պաշտօնական այցելութիւնը Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը ստանձնած՝ Կիպրոսի Հանրապետութեան մօտ:
Էդուարդ Նալբանդեանին ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս:
Կիպրոսի նախագահը դիտել տուած է, որ իր մօտ թարմ են եղբայրական Հայաստան այցելութեան յիշողութիւնները, ուր ան արժանացած էր ամէնաջերմ ընդունելութեան:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ նախարար Նալբանդեանը Կիպրոսի նախագահին փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սար- գըսեանի ողջոյնները եւ բարեմաղթանքները եւ նշած, որ նախագահ Սարգսեան առանձնայատուկ ջերմութեամբ ինք եւս կը յիշէ 2011-ին Կիպրոս կատարած իր այցելութիւնները:
Գոհունակութեամբ նշուած է, վերջին տարիներուն ընթացքին աշխուժացած Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ շփումներու հարցը, որ համատեղ ջանքերով երկկողմ յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի վրայ բարձրացուցած է:
Երկու կողմերն ալ պատրաստակամութիւն յայտնած են կապերը առաւել եւս ամրապնդելու եւ խորացնելու: