Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Երկու  հայ  զոհ

«Ազատ Օր»ի խմբագրութեան առաւօտուն հաղորդուած տեղեկութիւններու համաձայն՝ Հալէպի օդանաւակայանէն դէպի քաղաք վերադարձի ճամբուն վրայ, կրակոցներու ենթարկուած են հինգ ինքնաշարժներու հայ ճամբորդները:

Կրակոցներուն զոհ գացած են երկու հայեր՝ Արսէն Պէպէճեան եւ Յարութ Սովալեան: Կան վիրաւորներ: Հրակ Պէպէճեանի եւ իր կնոջ վիճակը ծանր կը մնայ:

Յունական մամուլի հաղորդումները

Ըստ յունական մամուլին մէջ հրապարակուած տեղեկութիւններու, ՄԱԿի գաղթականներու խորհուրդին կողմէ երէկ Երեքշաբթի օր փոխանցուած տուեալներով, գնահատած է թէ Սուրիայէն մեկնած գաղթականներու թիւը հասած է 253.106 հոգիի: Վիճակը ճգնաժամային է, յատկապէս Հոմսի մէջ, ուր դեղօրայք չկայ եւ առողջապահական սպասարկութիւնները դադրած են գործելէ:  Նահանգի 44 հիւանդանոցներէն՝ միայն 14ը կը շարունակեն գործել, շրջանի 2.2 միլիոն բնակիչներուն համար: «Ազատ բանակ»ի եւ կառավարական ուժերու միջեւ բախումները կը շարունակուին Հալէպի մէջ, ուր որոշ թաղամասեր ռմբակոծումներու ենթարկուեցան պետական օդուժին կողմէ:
Միջազգային դիւանագիտութեան գետնի վրայ, բանակցային գործընթացը ղեկավարող Լաքթար Պրահիմի այսօր հանդիպումներ կÿունենայ սուրիական ընդդիմութեան եւ Արաբական լիկայի պաշտօնատարներու հետ Գահիրէի մէջ: Նոյն պահուն, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս, խոստովանած է թէ ֆրանսական գաղտնի սպասարկութիւնները օգնութիւն եւ ապաստան տուին սուրիացիներու:
Անգարայի մէջ, Արաբական լիկայի ներկայացուցիչ Մուհամմատ Ֆաթեհ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի ստեղծումը կենսական է՝ միաժամանակ քննադատելով Ա-պահովութեան խորհուրդը՝ Սուրիոյ մէջ մարդասիրական տագնապին նկատմամբ լուռ մնալուն համար:
Խօսելով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լաքթար Պրահիմիի առաքելութեան մասին՝ Ֆաթեհ ըսաւ, որ «առաքելութիւնը շատ դժուար է, թէեւ ոչ անկարելի», նշելով, որ Միացեալ Նահանգներուն համար, Նոյեմբերի նախագահական ընտրութենէն ետք Սուրիոյ վերաբերեալ որոշում մը որդեգրելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ: