Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ին մտահոգութիւն յայտնած է ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու որոշումին առնչութեամբ:


Շուլց ըսած է. «Դատապարտուած անձերու արտայանձնման վերաբերեալ համաձայնագիրը պէտք չէ չարաշահուի քաղաքական նպատակներով: Ես մտահոգուած եմ Ատրպէյճանի նախագահի կողմէ Սաֆարովին՝ քաղաքական նպատակներով ներում շնորհելու փաստով: Միեւնոյն ժամանակ կոչ կ՛ընեմ Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին, խուսափելու այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կրնան իրավիճակը աւելիով վատթարացնել»:
Իր կարգին, Եւրոպական  ժողովրդային կուսակցութեան անդամ եւ Եւրոխորհրդարանի արտաքին գործոց յանձնաժողովի նախագահ Էլմար Պրոք քննադատած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ Սաֆարովին ներում շնորհելու քայլը, ըսելով. «Խորապէս մտահոգուած եմ այն իրողութեամբ, որ Պաքու ժամանելէն անմիջապէս ետք Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհուած է եւ ան հրապարակայնօրէն փառաբանուած է, ստանալով հազարապետի աստիճան, 8 տարուան աշխատավարձ, նոր բնակարան: Ան պարզապէս հերոսացուած է: Ատրպէյճան հունգարական իշխանութիւններուն գրաւոր խոստում ներկայացուցած էր, որ Սաֆարով պիտի շարունակէ կրել իր պատիժը»:
«Սակայն Պաքու կը շրջանցէ Եւրոմիութեան անդամ պետութեան մը դատարանի վճիռը եւ մարդասպանին կը ներկայացնէ հերոսի կերպարանքով՝ Պաքուիի մէջ երեխաներուն զուարճացնելու համար», նշած է Պրոք: