Ս. Ստեփանոս նախավկայ վանքի առաջին ուխտագնացութեան առիթով՝ «Հայ ուխտաւորի մեր շունչով պիտի ջերմացնենք դարաւոր այս վանքը Արաքս գետի ափին եւ զօրանանք մեր հայրերու հաւատքով» ըսաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. Վրդ. Չիֆթճեան
Թաւրիզ, Ազգային Առաջնորդարան - Մաղարդավանքը կամ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքը, Ատրպատականի Հայոց Թեմի վանական համալիրներու գոհարներէն է, որու մասին ամէնէն հին յիշատակութեան կը հանդիպինք, Խաչիկ Ա. Արշարունի Կաթողիկոսի գրած կոնդակին մէջ 976թ., ըստ որում աւանդութիւն կայ, թէ վանքը կառուցած է Յիսուսի 12 աշակերտներէն Սուրբ Բարթուղիմէոսը:
Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ՝ գերպ. Տ. Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, վերահաստատելով տարիներ առաջ գոյութիւն ունեցած ուխտագնացութեան աւանդութիւնը այս վանքի, յատուկ օր նշանակեց ամէն տարուան Օգոստոս ամսուան վերջին շաբաթը, իբրեւ ուխտագնացութեան օրը Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքի, որու ընթացքին մեր եկեղեցին կը տօնէ Ս. Ստեփանոս Ուլնեցիի յիշատակը: Այս տնօրինումը անոր համար, որ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի տօնը կը զուգադիպի ձմրան եղանակին, եւ ուխտաւորներուն համար աննպաստ կլիմայական պայմանները կրնան դժուարութիւն յարուցել:
Այս տարի, առաջինը ըլլալով ուխտագնացութիւններու վերսկսման, Չորեքշաբթի 29 Օգոստոս 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10.30-ին, ս. եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ վանքին մէջ: Ուխտաւորներ եկած էին Թաւրիզէն եւ Ուրմիայէն: Ուրմիայի ուխտագնացութիւնը կազմակերպած էր Հ.Օ.Միութեան մասնաճիւղը, իսկ Թաւրիզի ուխտագնացութիւնը՝ Վանքերու Ուխտագընացութեան Յանձնախումբը: Ներկայ էին նաեւ Պատգամաւորական Ժողովի եւ Թեմական Խորհուրդի անդամներ, ազգային բարերար տիար Համազասպ Ոսկանեան: Պատարագեց եւ քարոզեց Ատըրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գրիգոր Ծ. վարդապետ:
Առաջնորդը իր քարոզին մէջ կարեւորութեամբ շեշտեց ուխտագնացու- թիւններու կարեւորութիւնը, ու մանաւանդ Ատրպատականի Հայոց թեմէն ներս անոնց անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ հաւատքի վերարթնացման առիթներ, որպէսզի իբրեւ աւանդապահները հայրերու ժառանգութեանց, զօրանան հաւատքով, ամուր պահպանելու համար թեմին պատկանող սրբավայրերը: Ան շեշտեց նաեւ առաջին այս ուխտագնացութեան պատմական հանգամանքը, եւ ըսաւ, թէ «անոնք որոնք մասնակից կը դառնան սա պահուն այս ուխտագնացութեան, պատմակերտ քար կը դնեն այս վանքի պատմութեան մէջ»: Ապա, իր խօսքը ուղղելով ներկայ ուխտաւորներուն ըսաւ. «Դուք սա պահուն պատմութիւն կը կերտէք: Հարուստ է Մաղարդավանքի պատմութիւնը, ձեզի նման հաւատարիմ հայորդիներով, որոնք եկած են ու ծաղկեցրած այս վանքը: Այստեղ Յակոբ վրդ. Շամբեցին Յայսմաւուրքն է ստեղծած, Մելքոն երէց Ջուղայեցին այստեղ Փաւստոս Բիւզանդի Հայոց պատմութիւնն է ընդօրինակած, Ստեփանոս Ջուղայեցին Մաղարդա- վանքի կոնդակներն է օրինակած, այստեղ գրուած եւ ծաղկազարդուած է 1710 թուականի նշանաւոր Շարակնոցը, որ 1914 թուին, թրքական արշաւանքներու ժամանակ վանականներ հողի տակ են թաղած եւ հետագային՝ 1967-ին միայն յայտնաբերուած է: Վերջապէս, նոր օրերուն, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Կարապետ եպս. Տէր Մկրտչեանը 1911-ին այստեղ գալով ուսումնասիրած է ձեռագրերը եւ այստեղէն յայտնաբերած է հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան այնքան անհրաժեշտ «Կնիք Հաւատոյ» անզուգական ժողովածուն, որ կազմուած է Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսի օրով: Տէր Մկրտչեանը զայն հրատարակած է 1914 թուականին: Դեռ, այս վանքին մէջ կը պահուէին սրբազան մասունքներ, ինչպէս Ս. Ստեփանոսի ծնօտէն մէկ կտոր, Ս. Մատթէոս Աւետարանչի գանկոսկրը, Ս. Յովհաննէս Մկրտչի վիզէն ու մատէն մասունքներ, Ս. Դիոնիսոս Արիսպագացիի աշակերտին՝ Ս. Գրիգորի աջը եւ այլ սրբազան նշխարներ…:
Կար ժամանակ, մօտիկ անցեալին, երբ այս վանքը ճանապարհ չունէր, բայց մեր ժողովուրդի զաւակները ձիերով, գրաստներով, ջորիներով հաւատարմօրէն եկած են այստեղ ուխտի, մինչեւ որ 1973 թուին աւարտած է ճանապարհաշինութիւնը եւ երջ. Տ.Տ. Խորէն Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս անձամբ այստեղ գալով, Մայիս 17-ին բացումը կատարած է այս ասֆալթէ ճանապարհին: Այս հարուստ պատմութեան հետ հաղորդութեան եկած էք դուք այսօր, եւ ձեր ներկայութեամբ կ'ոգեկոչէք բոլոր անոնց յիշատակը, որոնց կեանքը շաղախուած է այս քարերուն: Հայ ուխտաւորի շունչով պիտի ջերմացնենք այս վանքը Արաքսի ափին, եւ զօրանանք մեր հայրերու հաւատքով» ըսաւ առաջնորդը:
ԱԽԱԼՑԽԱ - Երկօրեայ համերգ
Ախալցխայի արհեստական լիճի ամֆիթատրոնի բեմին երկու օրուայ ընթացքին Ախալցայի, Նինոծմինդայի, Ադիգենի եւ Բորժոմի պարի եւ երգի խումբերը համերգ կատարեցին: Սամցխէ-Ջաւախքի երգի ու պարի խմբակներու կատարումներուն հետեւեցաւ ‹‹Միրաժ›› ու ռոք-խումբ ‹‹Զուռգի››-ի համերգը: ‹‹Հպարտ եմ Վրաստան›› երկօրեայ փառատփնը Ախալցխայի մէջ վերջացաւ Վրաստանի աստղ Նինօ Չխեիձէի ելոյթով, որ հանդիսատեսին ներկայացուց 5 երգ: Համերգէն ետք հանդիսատեսին ներկայացուեցաւ նաեւ էլեկտրոնային երաժշտութիւն:
Այս փառատօնը տեղի կþունենայ Վրաստանի 9 շրջաններու մէջ: ‹‹Հպարտ եմ Վրաստան›› փառատօնը կազմակերպուած է Մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ: Նախագիծի նպատակն է ծանօթանալ պատմական քաղաքներու հետ: Ախալցխայէն ետք այս խումբը կþայցելէ Օն: Նախագիծը կը վերջանայ Սեպտեմբեր 7-ին:
ԼԻԲԱՆԱՆ - Ներկայացում-քննարկում՝ Ղարաբաղեան տագնապին մասին տոքթ. Ժան Կէօքճեանի
ակադեմական աշխատութեան
Հինգշաբթի, 30 Օգոստոսի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ լսարաններու շարքին 73-րդը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ եւ քննարկուեցաւ տոքթ. Ժան Կէօքճեանի վերջերս հրատարակուած «Ազգային ինքնութիւնը, ազգայնականութիւնը եւ հակամարտութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ. Լեռնային Ղարաբաղ եւ ազգերու շուրջ խորհրդային քաղաքականութիւնը» ուսումնասիրութիւնը, որ խորքին մէջ հեղինակին դոկտորական թեզն է: Այս մամլոյ լսարանին զգալի էր ուսանող խաւի տիրական ներկայութիւնը սրահին մէջ:
Ներկայացում-քննարկումին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ յոյս յայտնելէ ետք, որ ամէն իմաստով այժմէական այս ուսումնասիրութեան ներկայացումն ու քննարկումը քաղաքագիտական իմաստով նոր հորիզոններ բանայ, նաեւ ընդգծեց խմբագրութեան ակնկալութիւնը, որ ակադեմական առումով այսպիսի ուսումնասիրութիւնները բազմանան՝ ղարաբաղեան տագնապին արդարացի լուծման գիտական հիմքերը դնելու համար:
Այս շահեկան ուսումնասիրութեան ներկայացումը կատարեցին հեղինակը՝ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի դասախօս տոքթ. Ժան Կէօքճեան եւ Միշիկընի համալսարանէն (Տիրպոռն) տոքթ. Արա Սանճեան:
Տոքթ. Ժան Կէօքճեան հակիրճ կէտերու մէջ ներկայացուց ուսումնասիրութեան տարբեր բաժինները՝ նշելով, որ ինք իր հետազօտութեան համար մեկնակէտ ունեցած է 1905-ի ռուսական առաջին յեղափոխութիւնը եւ ղարաբաղեան հարցը շարունակած է ուսումնասիրել մինչեւ 1994-ի զինադադարի հանգրուանը:
Տոքթ. Կէօքճեան մասնաւորաբար յայտնեց, որ իր հետազօտութեան մէջ ղարաբաղեան տագնապին անդրադառնալու ընթացքին շեշտը դրած է ցեղային սահմանումին եւ ոչ թէ քաղաքային սահմանումին վրայ: Ան ընդգծեց, որ տագնապին լուծումը բաւական դժուար է, որովհետեւ թէ՛ հայերը, թէ՛ ատրպէյճանցիները Լեռնային Ղարաբաղը անբաժանելի կը նկատեն իրենց երկիրներէն: Կէօքճեան նաեւ ըսաւ, որ երկու ժողովուրդները կը հաւատան, որ Ղարաբաղի տարածքը պաշտպանելով, պաշտպանած կ՛ըլլան իրենց ինքնութիւնը:
Ներկայացում-քննարկումի աւարտին նիւթին շուրջ տեղի ունեցաւ զրոյց՝ ներկաներուն եւ երկու զեկուցաբերներուն միջեւ:
ՊՐԱԶԻԼ - Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ներկայում
Հոկտեմբեր 23, 2012-ին, Սան Փաոլօ քաղաքին մէջ պրազիլական թատրոնի պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը բեմադրուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող ներկայացում շարք մը ճանչցուած պրազիլացի դերասան-դերասանուհիներու մասնակցութեամբ: