Յունական Zougla, IN կայքէջերը, կիպրական Offsite-ը ինչպէս եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան «Տիֆենսնեթ» կայքէջերը եւ միջազգային բազմաթիւ լրատուամիջոցներ անդրադարձած են Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման լուրին եւ ատոր յաջորդած բողոքի ցոյցերուն:
(Յունական մամուլի արտատպումներուն կարելի է հետեւիլ «Ազատ Օր»ի Ֆէյսպուքի էջին միջոցաւ)
ԱՖՓ կը գրէ, որ «հարիւրաւոր մարդիկ բողոքի ցոյց կազմակերպած էին Երեւանի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսարանին մօտ»:
«Ռոյթըրզ» կը յիշեցնէ, որ Շաբաթ օր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երկրին մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հանդիպում ունեցած է եւ յայտնած, որ Հայաստան Հունգարիոյ հետ իր յարաբերութիւնները կասեցուցած է:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակումէն ետք Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի միջեւ համացանցային պատերազմ սկսած է: Հայ համակարգչահէնները յաջողած են քանդել Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը եւ շարք մը հեղինակաւոր լրատուական ծառայութիւններու կայքէջերը:
«Մոնրէալկազեթ» անդրադարձած է Շաբաթ օր Երեւանի մէջ կայացած բողոքի ցոյցին՝ նշելով, որ Երեւանի մէջ Հունգարիոյ հիւպատոսութեան մօտ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին մասնակցած են 150 անձեր, որոնք իբրեւ բողոք Հունգարիոյ դրօշը այրած են:
Թրքական լրատուամիջոցներ եւս անդրադարձած են այս հարցին:
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» իր յօդուածը վերնագրած է այսպէս. «Կացնային ոճիրը խզած է Հայաստանի եւ Հունգարիոյ յարաբերութիւնները»: Լրատուամիջոցը կը տեղեկացնէ, որ հունգարական բանտի մը մէջ 8 տարի անցուցած մարդասպանը Ատրպէյճանի մէջ սիրով ընդունած են:
«Հիւրրիյէթ» «Ատրպէյճան մէկ զինուորի համար 3 միլիառ տոլար վճարած է» խորագիրով յայտնած է, որ Հայաստանի պնդումով Ատրպէյճան Սաֆարովի ազատ արձակման դիմաց 3 միլիառ տոլար վճարած է: