Հունգարիայի մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ երէկ երկրի արդարադատութեան նախարարութեան դիմացը ցոյց տեղի ունեցաւ: Հունգարական «hir24.hu» կայքի փոխանցմամբ, ցոյցին մասնակցեցան քաղաքացիներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ:
Ցոյցին մասնակցեան նաեւ ընդդիմութեան առաջնորդներէն, երկրի նախկին վարչապետ Ֆերենց Գյուրչան, որու ղեկավարութեան տարիներուն, ի դէպ, տեղի ունեցած էր Գուրգէն Մարգարեանի սպանութիւնը եւ հունգարական դատարանի կողմէ ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի ցմահ դատապարտումը:
Ցոյցի մասնակիցները համերաշխութեան կոչեր հընչեցուցին՝ ուղղուած հայ ժողովուրդին, իսկ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները բարձրաձայնեցին գործող վարչապետ Վիկտոր Օրբանի հրաժարականի հարցը:
Հունգարական մէկ այլ «168ora» պարբերականը կը տեղեկացնէ, թէ ցոյց ընդդէմ Օրբանի կառավարութեան պիտի կազմակերպուի Պուտափեշտի կեդրոնական Կոսութ հրապարակին վրայ այսօր:
Տեղեկատուութեան համաձայն, ցոյցին պիտի մասնակցին եւրոպական տարբեր երկիրներու հայկական համայքներու ներկայացուցիչներ, հունգարական իշխանութիւններու՝ ոճրագործը Ատրպէյճանին յանձնելու որոշումը դատապարտողներ:
Հունգարիոյ Հոգեւոր Առաջնորդը
Սաֆարովի Հարցով Կը Զօրակցի
Հայ Ժողովուրդին
Հունգարիոյ հոգեւոր առաջնորդ եւ երկրին Կաթողիկէ եպիսկոպոսներու համագումարի նախագահ կարտինալ Փթեր Էրտօ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ուղղուած իր նամակին մէջ զօրակցութիւն յայտնած է հայ ժողովուրդին՝ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Սաֆարովի արտայանձնման եւ Ատրպէյճանի նախագահին կողմէ անոր ներում շնորհելու առընչութեամբ:
Կարտինալը դատապարտած է նաեւ ազգային պատկանելիութեան հիմամբ կատարուող բռնութիւնն ու ատելութիւնը՝ հայցելով, որ Աստուած պահպանէ եւ արդարութեան ու խաղաղութեան շնորհներով օրհնէ համայն հայ ժողովուրդը:
Հունգարիան բողոքի նոտա
յղեց Ատրպէյճանին
Հունգարիան բողոքի նոտա յղեց Ատրպէյճանին՝ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանին 2004թ. Պուտափեշտի մէջ սպաննած ատրպէյճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու որոշման կապակցութեամբ:
Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը Հունգարիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանին յայտնեց, որ «Պուտափեշտը անընդունելի կը համարէ եւ կը դատապարտէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելը»:
Կը հաղորդուի, որ Հունգարիան մարդասպանին փոխանցեց ատրպէյճանական կողմին՝ երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան ծիրէն ներս, որու համաձայն, ազատազրկման դատապարտուած անձեր կարող են պատիժը կրել նաեւ հայրենիքի մէջ: Սակայն Սաֆարովի՝ Ատրպէյճան ժամանելուն պէս անոր երկրի նախագահ Ալիեւի կողմէ ներում շնորհուեցաւ: