Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հունգարիոյ նախկին վարչապետ, երեսփոխան Ֆերեց Կիուրչանի Շաբաթ օր քննադատած է Սաֆարովի տեղափոխման առնչութեամբ հունգարական իշխանութեանց որոշումը եւ յայտարարած, որ խորհրդարանի առաջին նստաշրջանին (Սեպտեմբերի երկրորդ աշխատանքային շաբաթ) կառավարութենէն բացատրութիւն պիտի պահանջէ՝ ատրպէյճանցի մարդասպանին մասին տրուած որոշումին վերաբերեալ:


Հունգարական իշխանութիւններուն արարքը դատապարտող յայտարարութիւն կատարած է նաեւ Տորոկ քաղաքի քաղաքապետ Եանոշ Թիթթման: Ան հանքափորերու օրուան նուիրուած տօնակատարութեան ձեռնարկին ժամանակ խստիւ քննադատած է Հունգարիոյ կառավարութեան որոշումը: Ան ըսած է, որ  կառավարութիւնը պէտք էր գիտնար որ  նման մարդասպանը վերադարձնելը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ Հունգարիոյ համար:
Ափսոսանք յայտնած են նաեւ ժողո-վուրդ եւ անհատներ, ներողութիւն խնդրելով հայերէն: