«Ախպար-Թի.Էս.» կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու ղեկավարները անցնող օրերուն Հալէպի մէջ հրապարակած են միացեալ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը հրաժարին «որեւէ տեսակի գաղթէն, որուն կոչ կ՛ուղղեն որոշ կողմեր», եւ քննադատած են «սպառնալիքներու լեզուն»:
Հոմսի քանդուած յոյն ուղղափառ եկեղեցին
Հանդիպումէն բխած յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ «միակ ընդունելին կառուցողական երկխօսութեան լեզուն է»:
Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու ղեկավարները հաւաքուած են ասորական եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաստատած են, որ «քրիստոնեաները Սուրիոյ բնիկներէն են եւ պիտի մնան հայրենի հողին վրայ»:
Սուրիոյ քրիստոնեաները քննադատած են «կրօնական ծայրայեղութեան որեւէ դրսեւորում» եւ հակամարտող կողմերուն խաղաղութեան կոչ ուղղած են:
Հոգեւորականները նաեւ հերքած են մէկ օր առաջ համացանցի վրայ տարածուած «Հալէպի հոգեւորականներու ճակատին» վերագրուող «Հալէպի քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ ապահովութեան եւ խաղաղ համագոյակցութեան մասին» վերնագիրով յայտարարութիւնը, որուն միջոցով քրիստոնեաները իբրեւ թէ իրենց համայնքներու ներկայացուցիչներուն կոչ ուղղած են «ազատ բանակի կողքին» կանգնելու եւ քննադատելու «Ասատի ուժերու պատճառած աւերուածութիւնները»:
Սուրիոյ քրիստոնեաները նոյն յայտարարութեան ծիրին մէջ ողջունած են Հռոմի պապին Սեպտեմբերին նախատեսուած Լիբանան այցելութիւնը:
Հայ Համայնքը Սուրիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներու Ղեկավարներուն Յայտարարութեան Համակարծիք Է

Հալէպի Բերիոյ թեմի Ազգային առանջորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու ղեկավարներու հրապարակած միացեալ յայտարարութեան:
Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցին (Վիլաթ շրջան)
Ղեկավարները այդ յայտարարութեան մէջ կը հրաժարէին գաղթի որեւէ տեսակէ եւ կը քննադատէին կրօնական ծայրայեղութեան որեւէ դրսեւորում: Հայ համայնքը թէեւ կարծիքներուն դէմ չէ արտայայտուած, սակայն յայտարարած է, որ ինք տարածուած յայտարարութեան մաս չէ կազմած:
Ռէյիսեան նշեց, որ անցեալ օրերուն տեղի ունեցած վերոնշեալ ժողովին բոլոր համայնքապետերը ներկայ չեն գտնուած, եւ անոնց բացակայութեան նաեւ անոնց անունով այդ հաղորդագրութիւնը հրապարակելը ճիշդ չէր: Ան աւելցուց, որ հաղորդագրութեան որոշ կէտերուն շուրջ վերապահութեանց պատճառով յարմար տեսնուած է վերատեսութեան ենթարկել ու վերախմբագրել եւ համայնքապետերու վաւերացումը ունենալէ ետք հրապարակել զայն: