Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնած ու անոր Սկաուտական Կեդրոնական Յանձնախումբի կազմակերպած Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Խմբապետական 6-րդ համագումարին եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 24 Օգոստոս 2012-ին, Ծաղկաձորի «Կեչառիս» պանդոկին մէջ։


Համագումարը հինգ օրերու ընթացքին քննարկեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերէն ներս բոլոր կարգերու գիտելիքներու միջոցով փոխանցուող՝ կրօնական, ազգային, միութենական, քաղաքացիական ու սկաուտական դաստիարակչական ծրագիրները, յետ ուսումնասիրութեան կատարեց անհրաժեշտ արդի պատշաճեցումներ։
Շրջաններու մէջ գործող խմբապետական կազմերու համար անխուսափելի նկատեց այս քառամեակին եւս իրագործել, անցեալի փորձառութեամբ եւ մասնակի բարեփոխումներով, խմբապետներու վերաորակաւորման դասընթացքներ, առաջադրելով որ անոնք կատարուին ցամաքամասային դրութեամբ։
Համագումարը խոր համոզումով ընդառաջ գնաց Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող Արարատեան կարգին, որուն առաջադրանքն է խմբապետներ ղեկավարող խմբապետ պատրաստել։
Հիմնուելով 9րդ ընդհանուր բանակումի արձանագրած յաջողութիւններուն վրայ, համագումարը ներկայացուց նոր գաղափարներ յաջորդ բանակումի հաշւոյն, յուսալով որ հնարաւոր կը դառնայ Բիւրականի սեփական բանակավայրի կողքին հայրենի պետութեան կողմէ տրամադրուած հողաշերտը օգտագործելի դարձնել։
Սկաուտական ընդհանուր կանոնագրութեան գլուխին տակ, համագումարը բանաձեւեց յօդուածներու բարեփոխման առաջարկներ, որոնք պիտի փոխանցուին յառաջիկայ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին առ ի վաւերացում։
Համագումարը իր օրակարգի քննութեամբ կանգ առաւ ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան վրայ, որ կը նկատուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջնահերթ առաքելութիւնը։ Արդ, անոր նպատակէն թելադրուած, համագումարը որոշեց նոր սերունդին փոխանցել հայկական բոլոր արժէքները։
Մարդուժի պատրաստութեան հրամայականին դիմաց, համագումարը անդրադարձաւ այժմու ընկերութեան հոլովոյթին եւ տնտեսական պայմաններու ստեղծած դժուարութեանց պատճառով հաւաքական կեանքին մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւններ ստանձնելու կարեւորութեան։
Համագումարը շեշտեց նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն ունենալիք ներդրումին եւ ստանձնելիք պարտաւորութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ ունեցաւ իրագործելի գաղափարներ ի խնդիր Հայ Դատին։
Տեղին է արձանագրել, որ վերոյիշեալ բոլոր բանաձեւերը կը համընկնին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ռազմավարական յանձնախումբի ծրագիրներուն։
Շրջանները իրարու միջեւ փոխանակեցին յուշանուէրներ՝ վառ պահելու համար համագումարին ապրուած օրերն ու անոր թելադրութիւնները։ Խմբապետները իրենց Շրջաններուն անունով յանձնեցին յուշանուէրներ Կեդրոնական Վարչութեան։
Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Կարպիս Գապասագալեանը յանուն Կեդրոնական Վարչութեան Շրջաններուն եւ Սկաուտական Կեդրոնական Յանձնախումբի անդամներուն յանձնեց համագումարի յուշանուէրը, որ կը խորհրդանշէր 100-ամեակը Հայ Սկաուտութեան, որուն ռահվիրան Հ.Մ.Ը.Մ.ն է։
Եղբ. Կարպիս Գապասագալեան խօսք առնելով ա-ռաջին հերթին գնահատեց Շրջաններու մասնակցութիւնը, ընդգծելով մասնակից խմբապետներու աչալուրջ ու հետեւողական մասնակցութիւնը համագումարի աշխատանքներուն։ Ան բարձրօրէն գնահատեց Սկաուտական Կեդրոնական Յանձնախումբի կազմակերպական ու անթերի գործակցութեան, որու շնորհիւ համագումարը հասցուց իր յաջող աւարտին։ Ապա, խօսքը ուղղելով Յանձնախումբի անդամներուն եւ Շրջաններու խմբապետներուն, ան թելադրեց փոխադարձ գործակցութեամբ եւ յարատեւ աջակցութեամբ, ինչպէս նաեւ՝ հաւաքական ու միակամ ճիգերով յաջողցնելու համագումարի հինգ օրերու սպառիչ ծրագիրներու իրագործումը՝ խօսքը գործի վերածելու անշահախնդիր արժեւորումով, ի փառս Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերու վերելքին։
Ցտեսութեան երգով՝ աննկուն շղթաներ կազմած մասնակիցները հրաժեշտ առին իրարմէ։