Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Վերանորոգուած, արդիականացուած եւ  խնամուած խմբագրութեամբ լոյս տեսաւ Ֆրանսայի մէջ հրատարակուող France Armenie պարբերաթերթի Սեպտեմբերի թիւը:


Պարբերաթերթը յետ այսու լոյս պիտի տեսնէ ամսական հերթականութեամբ, ֆրանսերէն եւ հայերէն բաժիններով: Հայկական բաժնի խմբագրութիւնը ստանձնած է Գրիգոր Դաւիթեանը (լուսանկար), որ նոր թիւի խմբագրական իր գրու թիւնը նուիրած է Սուրիոյ գաղութի հայութեան դիմագրաւած դժուար պահերուն: Նոյն նիւթին նուիրուած է նաեւ ֆրանսական բաժինի կեդրոնական նիւթը՝ Տիգրան Եկաւեանի կողմէ:
Կը շնորհաւորենք մեր պաշտօնակից France Armenieի հրատարակումը՝ մաղթելով յաջողութիւն եւ արդիւնաւոր երթ:

 



ՄԵՐ ԳՈՒՐԳՈՒՐԱՆՔԻ ԱՌԱՐԿԱՆ՝ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր հայութեան ամենէն հրատապ հարցերուն առաջինն է Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը  եւ սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։
Սուրիան այն երկիրն է, որու ժողովուրդը գրկաբաց ընդունեց ցեղասպանութենէն ճողոպրած գաղթականութեան խլեակները, եւ առիթ տուաւ վերստին արմատ նետելու եւ վերընձիւղելու։ Սուրիոյ հայութիւնը տասնամեակներու ընթացքին իր կեանքը կազմակերպեց եւ ամուր հիմերու վրայ դրաւ իր գոյութիւնը, ստեղծելով եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբներ եւ  միութիւններ, այլ խօսքով՝ գաղութը կենսունակ պահող համակարգ՝ իր բոլոր կառոյցներով։
Բնականաբար Սուրիոյ մէջ պատահած դրական կամ ժխտական ամէն զարգացում իր անմիջական ազդեցութիւնը կÿունենայ հայկական գաղութի կեանքին վրայ։ Այս պարագային, երբ փոքրիկ կրակը այս տարողութեամբ զարգացաւ եւ հրդեհի վերածուելով կլանած է ամբողջ երկիրը, վտանգի տակ է մեր հայկական գաղութը։ Տասնամեակներու ստեղծագործական աշխատանքի արդիւնքը կրնայ մէկ օրէն միւսը պարզապէս մոխրանալ։
Մենք ազգովին պարտաւոր ենք ամբողջական յանձնառութեամբ թիկունք կանգնիլ սուրիահայ գաղութին, որովհետեւ անոնք մեր միս ու ոսկորին մաս կը կազմեն եւ Ազգի ընդհանուր մարմնի կեդրոնական դեր խաղացող անդամներէն մէկն են։
Սուրիահայ գաղութը լիբանանահայ գաղութին հետ միասին տասնամեակներ շարունակ եղած են մարդուժի հայթայթիչները ամբողջ սփիւռքին, մեր արեւմտեան գաղութներուն մատակարարելով ուսուցիչներ, տնօրէններ, խմբագիրներ, հոգեւորականներ, մշակութային եւ հասարակական գործիչներ, սնուցանելով հայապահպանութեան գետնի վրայ դեր ունեցող բոլոր մարզերը։ Այսօր այդ աղբիւրը հարուածի տակ է։ Հիմա պահն է որ համայն հայութիւնը իր գուրգուրանքն ու անսակարկ զօրակցութիւնը ցուցաբերէ սուրիահայ գաղութին։
Այս նախանձախնդրութեամբ է որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. կոչ ուղղած է բոլոր թեմերուն՝ հանգանակութեան ձեռնարկելու եւ անվերապահօրէն օգնութեան ձեռք մեկնելու սուրիահայ գաղութին, շեշտը դնելով գլխաւորաբար հայկական դպրոցներու դիմագրաւած տագնապալի կացութեան եւ հայ գաղթականներու դժուարութիւններուն եւ կարիքներուն վրայ։
Նոյն նախանձախնդրութեամբ է որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, մնայուն կապի մէջ ըլլալով սուրիահայութեան հոգեւոր թէ համայնքային պատասխանատուներուն հետ, յատուկ հոգածութեամբ կը հետեւի անոնց աշխատանքներուն։ Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղած է գործնապէս զօրավիգ կանգնելու Սուրիոյ հայութեան, արդէն իսկ որոշ գումար մը տրամադրելով Առաջնորդարանին, յատկացուելու համար սննդեղէնի եւ այլ անհրաժեշտ կարիքներու, եւ թելադրելով Կիլիկեան բոլոր թեմերուն նիւթական աջակցութիւն ապահովել Սուրիոյ հայկական վարժարաններուն համար։
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան անձնապէս այցելութիւն տուաւ սուրիահայ գաղութին, տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար կացութեան մանրամասնութիւններուն եւ յստակացնելու համար յետագայ քայլերը, սուրիահայ համայնքի անվտանգութիւնն ու կենսունակութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ։ Ան շեշտը դրաւ Սուրիոյ հայութեան ներքին առաւելագոյնս կազմակերպման եւ միասնականութեան վրայ։
Զօրակցութեան ծիրը ընդլայնելով՝ ՀՕՄ-ն ու ՀԲԸՄ-ը, ու նաեւ այլ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ արդէն իսկ նախաձեռնած են օգնութեան գործի կազմակերպման, որպէսզի սուրիահայ գաղութը վիրաւոր չմնայ, որպէսզի մեր դպրոցները տագնապի չմատնուին, եւ ընդհանրապէս գաղութային համակարգը չանդամալուծուի։
Հայաստանի կառավարութիւնը եւս կը փորձէ կարելին ընել, օգնելու համար մեր հայրենակիցներուն, անոնց տրամադրելով Հայաստան փոխադրութեան եւ հաստատման դիւրութիւններ, սկսելով վիզայէն, մինչեւ բնակարանի, սննդեղէնի, աշխատանքի հայթայթման ուղղութեամբ առնուած քայլերը։
Այսպէս ուրեմն, ներկայ պահուն, ազգի երկու թեւերը՝ հայրենիք եւ սփիւռք իրենց հովանիին եւ անմիջական գուրգուրանքին տակ պէտք է պահեն Սուրիոյ հայկական գաղութը, որպէսզի մեր քոյրերն ու եղբայրները չստիպուին արտագաղթել, իսկ արտագաղթելու պարագային՝ Լիբանանի հայութիւնն ու Հայաստանի պետութիւնը առաջին գրկաբաց հասցէները ըլլան անոնց ժամանա- կաւոր կեցութեան։
Գրիգոր Դաւիթեան
Խմբագրական «France Armenie» (Սեպտեմբեր 2012)