Print
Category: Միջազգային - գաղութային լուրեր

Սուրիոյ տագնապը եւ անոր անմիջական հետեւանքով ստեղծուած սուրիահայութեան տագնապալի առօրեան ահազանգի մատնած է ամբողջ հայութիւնը:


Սփիւռքի կարեւոր գաղութներէն մէկը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը համայն հայութեան մտատանջումի առարկան դարձած է ներկայիս: Կոչեր կ'ուղղուին եւ ֆոնտեր կը ստեղծուին Սուրիոյ հայութեան եւ անոր կարիքներուն օժանդակելու նպատակով: Տարբեր գաղութներու մէջ Սուրիոյ օժանդակութեան մարմիններ կազմուած են այս գործը լաւագոյն ձեւով կատարելու համար:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազդակ», «Արմէնփրէս», «Երկիր Մետիա».-   Նախորդ երկու օրերուն ընթացքին, Դամասկոս եւ շրջակայքի գրեթէ բոլոր արուարձանները՝ Ժոպար, Զամալքա, Հարասդա, Քապուն կ՛ենթարկուին ուղղաթիռներու ռմբակոծումի։ Բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան ընդիմադիր զինեալներու եւ սուրիական բանակին միջեւ Ժոպար, Ապպասիին Զապլաթանի շրջաններուն մէջ՝ պատճառելով նիւթական վնասներ։
Սուրիահայ համայնքի պատասխանատուներէն Նազարէթ Էլմաճեան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ բախումները կը շարունակուին Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ։ Ան դիտել տուած է, որ զինեալները կը փորձեն կեդրոնական թաղամասեր ներխուժել, սակայն կառավարական ուժերը կրցած են կասեցնել զանոնք:

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ կարգ մը լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն թէ Դամասկոսի արուարձաններէն Զամալքայի մէջ տեղի ունեցած է հաւաքական ջարդ մը, որուն զոհերուն շարքին է 6 անդամներէ բաղկացած հայ ընտանիք մը, որուն անդամներուն դիակները Չորեքշաբթի օր յայտնաբերուած էին մզկիթի մը մէջ:
Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»ի թղթակիցը 28 Օգոստոսին հաղորդեց, Դամասկոսի Ջոպար թաղամասին մէջ անյայտ պայմաններու մէջ սպաննուած են երեք հայեր։ Երեքշաբթի կէսօրին, մինչ նախորդ օր պայթումի իբրեւ հետեւանք նահատակուած տիւրզի համայնքէն անդամներու յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը կատարուէր, ականուած ինքնաշարժ մը պայթեցաւ Ալ Դըրպէ թաղամասին մէջ՝ խլելով 12 զոհեր եւ պատճառելով տասնեակ վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական լուրջ վնասներ: Պայթումին պատճառով հայ զոհեր ու վիրաւորներ չկան։
Յիշենք, որ Ժարամանա շրջանին մէջ կը բնակին մեծամասնութեամբ տիւրզի համայնքի ընտանիքներ եւ քրիստոնեաներ: Վերջին երկու տասնամեակին շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած են նաեւ շուրջ 400 հայ ընտանիքներ:
 
Սուրիահայ լուսանակարիչ Վահէ Շահինեան «Արմէնփրես»ին նշած է, որ 28 Օգոստոսին՝ Դամասկոսի ժամանակացոյցով 14:30ին, Ժարամանա գերեզմանատան մուտքի մօտերը, տեղի ունեցած թաղման արարողութեան ընթացքին ուժգին պայթում տեղի ունեցած է։ Անոր համաձայն, 12 զոհ եւ աւելի քան 48 վիրաւոր արձանագրուած է: Անոր համաձայն, Ժարամանայի հիւանդանոցները արդէն լեցուն են, անհրաժեշտութեան պարագային վիրաւորները կը տեղափոխուին Դամասկոսի այլ հիւանդանոցներ։
Իսկ Հալէպի պարագային, կացութիւնը որոշ չափով աւելի հանդարտ է. 28 Օգոստոսին կրակոցներու ձայներ կը լսուէին Սուլէյման Հալապի եւ Պոսթան Պաշա շրջաններուն մէջ, սակայն գրեթէ բոլոր հայկական թաղամասերուն մէջ որոշ հանդարտութիւն կը տիրէ։
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Երկիր Մետիա»ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Հալէպի  հայ համայնքին մէջ նոր զոհեր չկան:
Նախորդ մէկ շաբթուան ընթացքին կարգ մը հայկական կառոյցներ ու գործատեղիներ ունեցող հայաշատ թաղամասեր ենթարկուած են հրթիռարձակումներու եւ կրակոցներու, ինչպէս նաեւ ուղղակի բախումներու շրջան դարձած են. յատկապէս կարելի է նշել Ճիտէյտէի, Թիլելի եւ յարակից թաղերը, ուր կը գտնուին Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, դպրոցներ, եւ այլն:
Պոսթան Փաշայի շրջանը վերածուած է հակամարտող կողմերու միջեւ սահմանագիծի: Շրջանին մէջ կը գտնուի Հայկական ծերանոցը, որ նիւթական վնասներ ունի, սակայն ծերերը կը գտնուին ապահով վիճակի մէջ, թէեւ պատահած է, որ ընդդիմադիր զինեալներ որեւէ պէտքի համար մուտք գործեն եւ դուրս քան ծերանոցէն:
Սուրիահայ շտապ օգնութեան Հալէպի մարմինի տղաքը կը հասնին օգնութեան, ուր որ պէտք է: Մարմինը իր ներհամայնքային եւ միջյարանուանական դրուածքով կը փորձէ հասնիլ հոն, ուր կարիք կայ, եւ մեծ թիւով սննդեղէնի ծրարներ փոխանցած է ժողովուրդին: Տղաքը նաեւ կը նպաստեն վտանգուած շրջաններէն իրենց ազգակիցներուն անվտանգ դուրս բերման, ինչպէս որ այդպիսի դէպքեր տեղի ունեցած են Ճիտէյտէի մէջ թէ այլուր:
Ռէյիսեան յայտնեց, որ «յոյս ունինք, որ օգնութեան շտապի եւ ժողովուրդի տոկունութեան շնորհիւ, մարդիկ կարենան դիմակայել այս անբնական դժուարութիւնները»: